image

ԱՄՆ-ը նաւեր եւ օդանաւեր դէպի Մերձաւոր Արեւելք

ԱՄՆ-ը նաւեր եւ օդանաւեր դէպի Մերձաւոր Արեւելք

Միացեալ Նահանգներ լրացուցիչ նաւեր եւ օդանաւեր կ՚ուղարկէ Մերձաւոր Արեւելք՝ անհրաժեշտութեան պարագային պաշտպանելու տարածաշրջանի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերը եւ Իսրայէլը, ինչպէս նաեւ կ՚ամրապնդէ հակահրթիռային պաշտպանութիւնը:

Փենթակոնի փոխխօսնակ Սապրինա Սինկհի ձեւակերպմամբ՝ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ՝ նուազեցնելու Իրանի, անոր գործընկերներու եւ Իսլամական Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող ուժերու կողմէ տարածաշրջանին մէջ մագլցում հրահրելու հաւանականութիւնը: Ան տեղեկացուցած է, որ Ուաշինկթընը նման որոշում կայացուցած է ԱՄՆ նախագահի եւ Իսրայէլի վարչապետի՝ երէկ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցէն ետք:

Օրերս Թեհրանի մէջ «Համաս»-ի քաղբիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի եւ Պէյրութի մէջ «Հըզպալլա»ի բարձրաստիճան հրամանատարի սպանութենէն ետք Իրանը, «Համաս»-ը եւ Լիբանանի մէջ գործող «Հըզպալլա» շարժումը խոստացած են անպատասխան չթողել Իսրայէլի գործողութիւնները: Իսրայէլեան կողմը յայտարարած է՝ լայնամաշտապ պատերազմ չեն ուզեր, բայց պատրաստ են որեւէ սենարի: