Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը միշտ եղած են եւ կը մնան հրատապ Միացեալ Նահանգներու համար, քանի որ «սա նրբանկատ իրավիճակ է»: Այդ մասին ըսած է ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս՝ ամենօրեայ ճեպազրոյցին, պատասխանելով հարցին, թէ մեծցուցած է արդեօք Ուաշինկթոնի համար այդ ջանքերու հրատապութիւնը ամերիկեան հետախուզութեան՝ նախօրէին ըրած յայտարարութիւնը:
Ըստ հարցի հեղինակին՝ ԱՄՆ հետախուզութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւն կանխատեսած է խաղաղութեան պայմանագրի բացակայութեան պայմաններուն տակ:
«Այդ իրավիճակ մըն է, որ չափազանց հակուած է դէպի բռնութիւնը, ինչ որ մենք տեսանք վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ, եւ այդ երկարատեւ հակամարտութիւն է, որ Միացեալ Նահանգները կը ցանկար ընել ամէն ինչ որ կրնայ, անոր լուծման աջակցելու համար», - շարունակած է Փրայս:
«ԱՄՆ կը շարունակէ երկկողմանի աշխատանքը այդ երկիրներուն հետ, եռակողմ աշխատանքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ աջակցելով երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան անոնց ջանքերուն, նաեւ բոլոր համապատասխան մեքենականութիւններու միջոցով՝ օգնելով այս երկիրներուն ինքնուրոյն դիւանագիտութիւն վարելու եւ հասնելու համաձայնութիւններու, որոնց, յոյսով ենք, կարողանան հասնիլ», - ընդգծած է Նետ Փրայս: