Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
Ըստ Փենթակոնի՝ Լլոյտ Օսթին անկեղծ աջակցութիւն յայտնած է Իսրայէլի անվտանգութեան եւ Իրանէն, «Հըզպալլա»էն, հուսիներէն եւ այլ խմբաւորումներէն ինքնապաշտպանուելու իրաւունքին:
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ նախարարները քննարկած են տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան լրացուցիչ ուժերու տեղակայումը՝ թուլացնելու եւ զսպելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հնարաւոր մագլցումը:
Լլոյտ Օսթին նաեւ աջակցութիւն յայտնած է Կազայի հատուածին մէջ հրադադարին եւ «Համաս»-ի գերեվարած պատանդներու ազատ արձակման գործարքին: