Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին հաստատած է Մարքօ Ռուպիոյի նշանակումը: Քոնկրեսի վերին պալատին մէջ Ռուպիոն ստացած է 99 ծերակուտականներու աջակցութիւնը եւ դարձած ամերիկեան նոր վարչակազմի առաջին անդամը, որ հաստատուած է Ծերակոյտի կողմէ:
Միացեալ Նահանգներու նոր Արտաքին գործոց նախարարը յայտնի է Չինաստանի նկատմամբ իր կոշտ դիրքորոշմամբ եւ Իսրայէլին անզիջում աջակցութեամբ: Ծերակոյտին մէջ լսումներու ժամանակ ան խոստացած է վարել այնպիսի արտաքին քաղաքականութիւն, որ ուղղուած ըլլայ Չինաստանէն կախուածութեան նուազեցման եւ Միացեալ Նահանգներու շահերու առաջմղման:
Այս շաբաթ Ծերակոյտին մէջ կը սպասուին քուէարկութիւններ նաեւ քանի մը այլ առանցքային նշանակումներու վերաբերեալ: