image

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ. Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան Միշըն Հիլզի «Արարատ Տան» մէջ Խաղողօրհնէք կատարեց

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ. Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան Միշըն Հիլզի «Արարատ Տան» մէջ Խաղողօրհնէք կատարեց

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով այցելած է Միշըն Հիլզի հայ տարեցներու «Արարատ տուն»ը եւ իր ջերմագին աղօթքներով ու բարեմաղթութիւններով լեցուցած հայ պապիկ-մամիկներուն սիրտերը։ Օրը եզրափակուած է Խաղողօրհնէքի արարողութեամբ:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի տարածած հաղորդագրութենէն, որ կը ներկայացնենք տորեւ՝

Ուրբաթ, 15 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հայրերու՝ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով այցելեց Միշըն Հիլզի հայ տարեցներու «Արարատ տուն»ը եւ իր ջերմագին աղօթքներով ու բարեմաղթութիւններով լեցուց հայ պապիկ-մամիկներուն սիրտերը՝ իր խօսքին մէջ դիտել տալով, որ հայ տարեցներն են հիմնաքարը հայ հոգեւոր-բարեպաշտական աւանդութիւններու սերունդէ սերունդ փոխանցումին եւ ազգային արժէքներու շարունակութեան: Հոգեւոր հայրերու խորհրդաւոր երգեցողութեամբ ստեղծուած աղօթական պահը եզրափակուեցաւ Խաղողօրհնէքի արարողութեամբ:

«Արարատ տան» բնակիչները սիրով եւ ակնածանքով հետեւեցան արարողութեան եւ առաջնորդին բացատրութիւններուն՝ Ս. Կոյս Մարիամի երկինք յափշտակման հոգեւոր տօնը խորհրդանշող Խաղողօրհնէքի ու հին Հայաստանի մէջ արքայական պտուղ համարուող խաղողի ներկայացուցած իմաստին եւ բուժիչ յատկութիւններուն մասին: «Արդարեւ, համայն մարդկութեան հոգեւոր մօր՝ Ս. Կոյս Մարիամի երկինք Վերափոխման տօնը ընդհանրապէս հայ մարդուն ու յատկապէս հայ տարեցներուն համար հոգեւոր սնունդ ու բալասան է, երկնքի արքայութեան հետ առնչուելու շքեղ արարողութիւն», նշեց սրբազանը եւ սիրով առիթ տուաւ վաստակի տիրացած հայ մամիկ-պապիկներուն, որ իրենց կարգին արտայայտուին:

Այնուհետեւ, տարեցներէն շատեր հանդէս եկան շնորհակալական սիրալիր արտայայտութիւններով՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւոր սպասարկուներուն ուղղուած, իրենց խօսքը յաճախ նաեւ համեմելով անցեալի քաղցր յուշերով:   

Հուսկ, առաջնորդը «Արարատ նան» անձնակազմն եւ իրենց կեանքի վերջալուսային հանգիստին տրամադրուած հայ մեծ ծնողներուն եւ տարեցներուն փոխանցեց նաեւ իր հայրական օրհնութիւնները եւ առողջութեան ու երկարակեցութեան բարի բաղձանքները: