Տանըլտ Թրամփի՝ 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը արգիլելու պահանջով դատական հայցեր ներկայացուած են ամերիկեան առնուազն 16 նահանգի մէջ։ Այս մասին հաղորդած է The New York Times-ը։
Աւելի վաղ Քոլորատոյի մէջ դատարանը արգիլած էր 45-րդ նախագահին մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններուն։
Այժմ համապատասխան հայցերը ներկայացուած են Միչիկընի, Օրեկոնի, Նիւ Ճըրզիի, Ուիսքընսընի, Ալիասքայի, Արիզոնայի, Նեւատայի, Նիւ Եորքի եւ այլ նահանգներու մէջ։ Արիզոնայի եւ Միչիկընի մէջ դատարանները մերժած են հայցերը, սակայն որոշումը բողոքարկուած է: Հայցուորները կը պահանջեն, որ Թրամփը զրկեն նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն՝ հիմնուած Սահմանադրութեան 14-րդ ուղղման վրայ, որ ընդունուած է Քաղաքացիական պատերազմէն ետք։ Այն կ՚արգիլէ պաշտօնեաներուն պետական պաշտօններ զբաղցնել, եթէ անոնք մասնակցած են ապստամբութեան: