image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկեան ռազմական օգնութեանց երկրորդ խմբաքանակը հասած է Քիեւ

Ամերիկեան ռազմական օգնութեանց երկրորդ խմբաքանակը հասած է Քիեւ

Ուքրանիա ժամանած է ԱՄՆ ռազմական օգնութեան երկրորդ խմբաքանակը, ինչպէս յայտնած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսի Ռեզնիքովը:

Անոր խօսքով` ԱՄՆ-ն աւելի քան 80 թոն զէնք փոխանցած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն:

«Երկրորդ թռչունը Քիեւի մէջ. աւելի քան 80 թոն զէնք ԱՄՆ-ի մեր ընկերներէն` ուժեղացնելու Ուքրանիոյ պաշտպանութիւնը», գրած է Ռեզնիքովը:

Փենթակոնը ցոյց տուած է, թէ ԱՄՆ-ն ինչ զինատեսակներ յանձնած է Ուքրանիոյ: Զէնքին խմբաքանակը կը պարունակէ M141 Bunker Defeat Munition միանգամեայ օգտագործման ձեռքի նռնականետեր: