Միացեալ Նահանգներու կողմէ Քիեւին տրամադրուելիք 60 միլիառ տոլարի ռազմական օգնութեան ուշացումը թանկ նստած է մեր վրայ։
The Wahsington Post-ի հետ զրոյցին նշած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։
«Մենք կէս տարի կորսնցուցած ենք։ Մենք յաւելեալ ժամանակ վատնել պարզապէս չենք կրնար։ Ուքրանիոյ յատկացուող օգնութիւնը չի կրնար ամերիկեան երկու կուսակցութիւններու միջեւ քաղաքական վէճի առարկայ դառնալ։
Միացեալ Նահանգներու կողմէ օգնութեան բացակայութիւնը ուքրանական ՀՕՊ (Հակաօդային պաշտպանութիւն) համակարգերու, այդ շարքին՝ Patriot-ներու ինչպէս նաեւ 155 միլիմեթր տրամաչափի հրետանային արկերու բացակայութիւն կը նշանակէ», - ըսած է Զելենսքի։