image

Ամերիկեան նոր միլիառներ՝ Իսրայէլին

Ամերիկեան նոր միլիառներ՝ Իսրայէլին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մտադիր է 3,5 միլիառ տոլար յատկացնել Իսրայէլին՝ զէնք ու ռազմական սարքեր գնելու համար, յայտնած է CNN-ը՝ յղում ընելով իր աղբիւրին։

Այդ գումարը կը յատկացուի Իսրայէլին 14,1 միլիառ տոլարի լրացուցիչ ֆինանսաւորում յատկացնելու մասին օրինագիծի ծիրէն ներս, որ Քոնկրէսն  ընդունած է ապրիլին։

Ֆինանսաւորումը, ըստ CNN-ի հաղորդած տեղեկատւութեան, կը տրամադրուի այս շաբաթ՝ պայմանաւորուած Թեհրանի մէջ «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավարի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի «Հըզպալլա»-ի հրամանատարներու  սպաննութիւններէն յետոյ Իրանի կողմէ սպասուող պատասխան հարուածով։