Ռուսիա վճռականօրէն կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու հարուածները Սուրիոյ եւ Իրաքին եւ կը ձգտի հասնիլ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի գիծով իրավիճակի հրատապ քննարկման, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։
Անոր խօսքով՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքին ռազմավարական ռմբակոծիչներու կիրառումով ամերիկեան օդային հարուածները Ուաշինկթընի կողմէ միջազգային իրաւունքի նորմերու լիակատար անտեսում են:
«Խստօրէն կը դատապարտենք ինքնիշխան պետութիւններու դէմ ամերիկա-բրիտանական յարձակողական նոր աղաղակող գործողութիւնը։ Այժմ կը փորձենք հասնիլ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի գիծով ստեղծուած իրավիճակի հրատապ քննարկման», - նշուած է Զախարովայի յայտարարութեան մէջ։
Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը նշած է, որ օդուժի հարուածները նախատեսուած են հակամարտութեան հետագայ հրահրման համար:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ յայտարարած էր, որ Յորդանանի իր ռազմակայանի վրայ յարձակման ի պատասխան խոցած է աւելի քան 85 թիրախ, որոնք կը պատկանին Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի ուժերուն եւ անոնց հետ կապուած կազմաւորումներուն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: