Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Թուրքիոյ Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներու բանբերներ յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտած են «Սապահ» թերթի խմբագրատան դէմ անցեալ Երեքշաբթի գիշեր կատարուած յաարձակումը: Այս մասին այսօր գրած է իշխանութեան մօտիկ համարուող «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը նաեւ գրած է, թէ յարձակումը գործուած է Քէմալիստ MHP կուսակցութեան համակիրներուն կողմէ: Նշենք, որ Կիրակի օր եւս Պոլսոյ մէջ մեծ ցոյցեր կը սպասուին: Երթերը պիտի աւարտին իշխող AKP կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքով մը: Նշենք, որ ցոյցերուն մասնակից բողոքարարները կը դատապարտեն PKK-ի գործուէութիւնը եւ զայն կը համարեն ահաբեկչական խմբաւորում մը: Երկրի բոլոր կուսակցութիւնները այսօր աւելի կանուխ յայտարարած են յառաջիկայ 1 Նոյեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուներուն անունները: