Կ'ակնկալուի, որ Tesla-ի գործադիր տնօրէն Իլոն Մասքը պիտի այցելէ Չինաստան այս շաբաթ, ըսած են երեք հոգի։ Այս մասին գրած է Reuters գործակալութիւնը։
Կ'ակնկալուի, որ Մասքը հանդիպի չինացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ եւ այցելէ Շանհայի մէջ Tesla-ի գործարան, յայտնած են աղբիւրներէն երկուքը:
Անմիջապէս պարզ չէր, թէ որու հետ Մասքը պիտի հանդիպի եւ ինչ պիտի քննարկեն: Ուղեւորութենէն տեղեակ մարդիկ հրաժարած են իրենց անունները տալէ, քանի որ հարցը մասնաւոր է:
Tesla-ն ու Չինաստանի Պետական խորհուրդի տեղեկատուական գրասենեակն անմիջապէս չեն արձագանգած թեմայի մասին գործակալութեան հարցումներուն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել