image

Ամերիկա դարձեալ «երաժշտութիւն» կը փոխէ Սուրիոյ մէջ

Ամերիկա դարձեալ    «երաժշտութիւն» կը փոխէ  Սուրիոյ մէջ

Այն ինչ, որ տեղի կ'ունենայ Սուրիոյ մէջ,    բոլոր առումներով սպասելի էր: Նախ խօսակցութիւն՝ խնդիրը քաղաքական հարթակ փոխադրելու մասին, ապա նախնական համաձայնութիւն Ժընեւի մէջ, ու աւարտին որպէս Սուրիոյ տրուած «նուէր» հրադադարի յայտարարութիւն ՝ «Ալ Ատհա» տօնին առաջին օրը: Գետնի վրայ այդ քանի մը օրերուն տիրած «համեմատական հանդարտութիւն»ը պատրաստութեան կարեւոր առիթ էր ընդդիմադիր այն զինեալներուն համար, որոնք այսօր տարբեր ճակատներէ անցած են Սուրիոյ բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ գրոհներ կատարելու: Բացի այդ բոլորէն Տէր Զօրի մէջ եղած դէպքերը եւ ամերիկայի կողմէ Սուրիոյ բանակին տրուած եւ «սխալմամբ» եղած հարուածը ցոյց կու տար, որ Ուաշինկթընի որոշ շրջանակներ դժգոհ են եղելութիւններէն ու ատոր համար ալ կը հետամուտ են «նոր խաղ» մը թելադրելու: Աւելին ըստ Սուրիոյ դէպքերուն հետեւող դէտերու, ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան «արծիւներ» անհանգստութիւն յայտնած են Քէրիի առած քայլերուն վերաբերեալ եւ Մոսկուայի հետ ամերիկեան երեւելի «մերձեցման» դիմաց: Բնականաբար Ամերիկայի կողմէ տրուած ազդանշանէն ու Սուրիոյ բանակի 82 զինուորներուն «սխալ կերպով» սպաննութիւնէն ետք բոլոր ճակատները պիտի «տաքնային» ու մէկէ աւելի ուղղութեամբ յատկապէս «Ահրար Ալ Շամ» կոչուած խմբաւորման ահաբեկիչներ լայնատարած գործողութիւններ եւ գրոհներ պիտի կատարէին Սուրիոյ բանակի Հալէպի տասնեակ դիրքերուն դէմ: Այս բոլորը անշուշտ կարեւոր եւ երեւելի ցուցանիշներ են ամերիկեան վերնախաւի անհանգստութեան մասին, կապուած Սուրիոյ մէջ կայանալու առիթ ունեցող որոշ կարգաւորումներու: Ու յստակ է նաեւ, որ 13 սեպտեմբերին հաստատուած հրադադարը կը պատկանի անցեալին: Սուրիոյ պատերազմի այս փուլը կրնայ շատ աւելի ծանր եւ արիւնալի հանգրուան մը ըլլալ, որովհետեւ պատերազմի գործօնին վրայ գրաւ դրած ԱՄՆ, պիտի փորձէ ամէն գնով նոր «կարգադրութիւններ» իրականացնել: Ու իր «գործակիցներ»ուն պատգամներ յղելով ըսել, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական կարգաւորումներու ժամանակը տակաւին չէ հասած կամ ալ, անցնող շաբաթներուն եղածը «ամերիկեան արծիւ»ներու սրտովը եղած դասաւորում մը չէր:

Ամէն պարագայի այս դէպքերը ցոյց կու տան, որ Միջին Արեւելքի «արիւնալի խաղեր»ուն ճարտարապետներէն մին կը միտի «երաժշտութիւն» փոխել ու առաջին անգամը չէ, որ նման բան կը պատահի Սուրիոյ մէջ: Թէ ինչքան կրնայ տեւել այս նոր եղանակ»ը յստակ չէ, յստակ է սակայն, որ գետնի վրայ ընթացող դէպքերը կը մատնեն, որ Սուրիոյ պատերազմի յաջորդ փուլը կրնայ աւելի արիւնոտ ըլլալ, քան անցեալ եղած բոլոր հանգրուանները: