image
Հրատապ լուրեր:

Ամենայն Հայոցը դէպի Մոսկուա. Ան պիտի մասնակցի եռակողմանի գագաթաժողովի մը

Ամենայն Հայոցը դէպի Մոսկուա. Ան պիտի մասնակցի եռակողմանի գագաթաժողովի մը

11 Հոկտեմբերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը երկօրեայ այցով կը մեկնի Մոսկուա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ պատրիարքին հետ եւ պիտի մասնակցի տարածաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմ հանդիպման:

Նորին Սրբութեան կ'ուղեկցին Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ, Գէորգ Դանիէլեանը եւ Մայր Աթոռի Կաթողիկոսական գրասենեակի տնօրէն Տ. Վահրամ աւագ քահանայ Մելիքեանը: