Ալմա Աթայի մէջ ցուցարարները ներխուժած են քաղաքապետարանի շէնք։ Հաւաքուածները զինուած են փայտերով ու վահաններով։
Ականատեսները հաստատած են, որ ցուցարարները փորձած են գրոհել Ալմա Աթայի քաղաքային վարչակազմի շէնքը։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ հրդեհ սկսած է Ալմա Աթայի քաղաքային վարչակազմի շէնքին մէջ, ուր ներխուժած են ցուցարարները։