Թրամփ ինկած է Նաթանիահուի «ծաղրածուական շոուի»ն մէջ, գրած է Իրանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին։
Իր գրառման մէջ ան նշած է, որ Տանըլտ Թրամփ ԱՄՆ-ն պատերազմի մէջ մտցուցած է Իրանի դէմ՝ «Նաթանիահու ծաղրածուի» պատճառով, եւ որ Միացեալ Նահանգները պէտք է որոշէ, թէ ինչը աւելի կարեւոր է՝ «Ամերիկան առաջինը», թէ՞ «Իսրայէլը առաջինը»։
Լարիժանին աւելցուցած է. «Գործողութիւնները կը շարունակուին, եւ Խամենէիի նահատակութիւնը ձեր վրայ ծանր գին պիտի ըլլայ»։