image

Ալիեւ ընդունած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը. Քննարկումները կը վերաբերին փոխգործակցութեան

Ալիեւ ընդունած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը. Քննարկումները կը վերաբերին փոխգործակցութեան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի հետ: Ալիեւ շնորհաւորած է Թուրքիոյ մէջ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան ինքնալուծարման կապակցութեամբ, այդ անուանելով պատմական իրադարձութիւն, որ կարեւոր է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար: 

Կիւլերն ընդգծած է Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու հետ համագործակցութիւնն ընդլայնելու Թուրքիոյ մտադրութիւնը։  

Կողմերը քննարկած են երկու երկրի բանակներու միջեւ փոխգործակցութիւնը, ներառեալ՝ համատեղ զօրավարժութիւնները, եւ վստահութիւն յայտնած դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման վերաբերեալ:

Ալիեւն ու Կիւլերը քննարկած են նաեւ երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները: