image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ ընդունած է բարձրաստիճան ռուս պաշտօնեաներ

Ալիեւ ընդունած է բարձրաստիճան ռուս պաշտօնեաներ

Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային խորհուրդի փոխնախագահ Քոնսթանթին Քոսաչովը եւ Տումայի Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ Լեոնիտ Քալաշնիքովը մեկնած են Պաքու:

Ինչպէս յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները, ռուս պաշտօնեաները ընդունած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

Քննարկուելիք թեմաներու մասին տեղեկութիւն չկայ: