image

Ալիեւ խօսած է «խաղաղութեան դարաշրջան» թեւակոխելու մասին

Ալիեւ խօսած է «խաղաղութեան դարաշրջան» թեւակոխելու մասին

Այսօր մենք կրնանք թեւակոխել Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան դարաշրջան Հարաւային Կովկասի մէջ. այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ ելոյթ ունենալով Տիեզերագնացութեան 74-րդ միջազգային քոնկրեսի բացման արարողութեան:

«Մենք վերջ դրած ենք հակամարտութեան. Այս հակամարտութեան լուծման հետեւանքով մենք պահպանեցինք մեր արժանապատւութիւնը եւ վերականգնեցինք միջազգային իրաւունքը... Այսօր մենք կրնանք թեւակոխել Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան դարաշրջան։ Սա մեր կարծիքն է։ Համագործակցութիւն, փոխշահաւէտ նախագիծեր, մենք այսօր ցոյց կու տանք այս ամէնը»,- ըսած է Ալիեւ: