image

Ալիեւ. Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմը մեր ընդհանուր պատմութիւնն է

Ալիեւ. Ղարաբաղի  երկրորդ պատերազմը մեր ընդհանուր  պատմութիւնն է

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ մէջ «Ռիզա Արտվին» օդակայանի բացման արարողութեան ժամանակ յայտարարած է, որ «երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմը իրենց ընդհանուր, փառահեղ պատմութիւնն է»:

«Պատերազմի առաջին ժամերէն մինչեւ վերջին օրը իմ եղբայրս մեզի հետ եղած է, եղբայրական թուրք ժողովուրդը մեզի հետ եղած է: Երկրորդ ղարաբաղեան պատերամզը մեր ընդհանուր, փառահեղ պատմութիւնն է, մենք վերջ դրինք 30-ամեայ բռնագրաւման: Մեծարգոյ նախագահին` իմ եղբայր Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին` «Ատրպէյճանը միայնակ չէ, Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ է» խօսքը, որ ան ըսած էր պատերազմի առաջին օրը, շատերուն համար լուրջ ազդակ էր: Մինչեւ պատերազմի վերջին վայրկեանը, քանի դեռ Շուշիի մէջ չէր բարձրացուած ատրպէյճանական դրօշը, Թուրքիան կ'աջակցէր մեզի, մեր յենարանը եղած է: Ատրպէյճանցի ժողովուրդը երբեք չի մոռնար այդ եղբայրութիւնը»է, յայտարարած է Ալիեւ: