image

Ալիեւ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ բարձրացուցած է Ատրպէյճանի ​​դրօշը (Լուսանկարներ)

Ալիեւ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ բարձրացուցած է Ատրպէյճանի ​​դրօշը (Լուսանկարներ)

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ժամանած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտ, ուր բարձրացուցած է Ատրպէյճանի պետական դրօշը եւ ելոյթ ունեցած:

Այս մասին յայտնած է azertag.az կայքը:

«Մենք երեսուն տարի սպասած ենք այս օրուան», Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական դրօշը բարձրացնելէ ետք իր ելոյթի ժամանակ ըսած է նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

«Դառնալով նախագահ՝ ես նպատակ դրած եմ տեղադրել Ատրպէյճանի դրօշը «բռնագրաւուած տարածքներու մէջ»: Ամէն օր, ամէն ժամ մենք կը մօտենայինք այս նպատակին:

Ոմանք կը հարցնէին, թէ ինչու մենք նոյեմբեր 10-ին համաձայնեցանք դադրեցնել պատերազմը:

Այսօր, կանգնելով այստեղ, եւս մէկ անգամ կ'ուզեմ ըսել, որ մենք ամէն ինչ ըրած ենք եւ կ'ընենք ժամանակին:

Մենք Խանքենդիի (Ստեփանակերտ - խմբ.) կեդրոնին մէջն ենք՝ Ատրպէյճանի դրօշի ներքոյ, սա պատմական իրադարձութիւն է»,-ըսած է Ալիեւ:

Յայտնի է, որ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ՝ Արցախի նախագահի նստավայրի շէնքի վրայ, տեղադրուած է Ատրպէյճանի զինանշանը:

Բացի այդ, Ալիեւ բռնագրաւուած Մարտակերտ քաղաքի մէջ, Սարսանգի ջրամբարի տարածքին, Իւանեանի, Ասկերանի մէջ բարձրացուցած է Ատրպէյճանի դրօշները:

 

Ալիեւ Ստեփանակերտի մէջ պարետ նշանակած է

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ստեփանակերտի մէջ պարետ նշանակած է։ Այս մասին յայտնած է ԱՊԱ-ն։

Այդ կապակցութեամբ ստորագրուած է համապատասխան հրաման, ըստ որու, ոստիկանութեան զօրավար-մայոր Սարտար Սաֆարովը նշանակուած է Ստեփանակերտ քաղաքի պարետ։

Ալիեւ նաեւ այցելած է կառավարական շէնքեր, լուսանկարուած է Արցախի զինանշանի կողքը: