image

Ալիեւ Ամերիկայի ներկայացուցիչին հետ քննարկած է  հայ-ատրպէյճանական  խաղաղութեան պայմանագիրը

Ալիեւ Ամերիկայի ներկայացուցիչին հետ քննարկած է  հայ-ատրպէյճանական  խաղաղութեան պայմանագիրը

Հոկտեմբեր 20-ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով օգնականի տեղակալ ճոշուա Հեքը։

Ըստ Ատրպէյճանի ղեկավարի կայքի՝ հանդիպման միտքերու փոխանակութիւն տեղի ունեցած է տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ։

Ալիեւ եւս մէկ անգամ յայտնած է Ատրպէյճանի մտադրութիւնները տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգի, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, խաղաղ պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու շարունակման եւ մօտ ապագային ատոր ստորագրման վերաբերեալ։