image

Ալեն Սիմոնեան- Կարօ Փայլան հանդիպում. Թեման սահմանի բացումն էր

Ալեն Սիմոնեան- Կարօ Փայլան հանդիպում. Թեման սահմանի բացումն էր

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան 31 հոկտեմբերին ընդունած է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը:

ԱԺ-էն «Արեւելք»-ին յայտնած են, որ ՀՀ ԱԺ նախագահը նշած է, որ Հայաստանը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի անոր հայանպաստ եւ կարեւոր գործունէութեան: «Անչափ կարեւոր է, որ Ձեր ուշադրութեան կեդրոնում էք պահում Թուրքիայում ապրող ազգային փոքրամասնութիւնների իրաւունքների պաշտպանութիւնը»,-նշած է Ալեն Սիմոնեան:

Հանդիպման քննարկուած են ատրպէյճանական վերջին յարձակման հետեւանքները: Զրոյց ընթացած է Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու բացման շուրջ: Կարօ Փայլանի խօսքով՝ սահմաններու բացման առնչուող քննարկումներու վերաբերեալ Թուրքիոյ մէջ ապրողներու լայն շրջանակին մօտ տեղեկատւութեան պակաս կայ: Ան ՀՀ ԱԺ նախագահին ներկայացուցած է նաեւ իր տպաւորութիւնները եւ դիտարկումները հայ-թրքական գործընթացի առնչութեամբ: