image

«Ալ Ճազիրա»ի յայտնի լրագրող՝ Շիրին Ապու Աքլի կրակոցի զոհ (Տեսանիւթ)

 «Ալ Ճազիրա»ի յայտնի լրագրող՝ Շիրին  Ապու Աքլի կրակոցի զոհ (Տեսանիւթ)

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ վերջին շաբաթներուն  լարուած իրավիճակ սկսած էր տիրեք  մասնաւորաբար պաղեստինեան շրջաններուն, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան կարգ մը քաղաքներուն մէջ, երբ պաղեստինցի ֆետայիներ գործողութիւններ կատարած եւ սպաննած էին իսրայէլացի ապահովական ուժերու անդամներ, ի հակազդեցութիւն այն սեղմումներուն որ Իսրայէլ  գործի կը դնէ մասնաւորապէս Երուսաղէմի  արաբաբնակ  թաղամասերուն մէջ։

Արեւմտեան Ափի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն ատեն լրագրող  Շըրին  Ապու Աքլի կեանքը կորսնցուց։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ «Ալ Մայատին» կայանէն։

Կը նշուի, որ «Ալ Ճազիրա»-ի աշխատակից Շիրին  Ապու Աքլի վիրաւորուած է այն պահուն, երբ իսրայէլեան ուժեր կը փորձէին Արեւմտեան Ափի «Ժընին» գաղթակայանը ներխուժել նպատակ ունենալով պաշարել աւելի վաղ զոհուած պաղեստինցի ֆետայիներէն մէկուն բնակարանը։ Այդ պահուն կրակ բացուած է, լրագրողը վիրաւորուած է գլուխէն եւ տեղւոյն վրայ մահացած։

«Ալ Ճազիրա» կայանը եւ առհասարակ արաբական ԶԼՄ-ներ դատապարտած են դէպքը եւ պահանջած, որ քննութիւն բացի եղածին վերաբերեալ։

 Կը նշուի նաեւ, որ դէպքին զուգահեռ վիրաւորուած է նաեւ պաղեստինցի լուսանկարիչ-լրագրող Ալի Սամմուտին։

Իր կարգին Իսրայէլի վարչապետ Նէֆթալի Պէնէթ արտայայտուելով եղածին մասին չէ բացառուած, որ արաբ լրագրողը զոհ գացած ըլլայ պաղեստինեան կողմէ արձակուած փամփուշտներուն։

Պէնէթ նաեւ յայտարարած է, որ դէպքին վերաբերեալ իրենք պատրաստ են հետաքննութեան երթալու նշելով նաեւ, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պիտի պայքարի  ահաբեկիչներուն դէմ (բառը Պէնէթինն է, խմբ. «Արեւելք»), որպէս ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը վերահաստատուին շրջանին մէջ։