image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Տարհանում, Կեցութիւն Եւ Խաղաղապահութիւն

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Տարհանում, Կեցութիւն Եւ Խաղաղապահութիւն

Կը թուի, թէ այս բոլորին արդիւնքը այն է, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի լուծարման դիմաց Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը ստանձնէ բացառապէս Արցախի ժողովուրդի պաշտպանութիւնը: Առ այժմ զուտ մարդասիրական եւ անվտանգային առումներով:

 

Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին առատ է պատճառահետեւանքային վերլուծաբանութիւնը: Տեղեկատուական ոլորտին մէջ խուճապահարութիւնը օգտակար չէ: Այդ առումով տեղեկատուական ներքին եւ արտաքին պատերազմի իրավիճակին մէջ բացառապէս յենուիլը` Արցախի տեղեկատուական շտապի հրապարակումներուն, օգտակար է թէ՛ ճիշդ կողմնորոշուելու եւ թէ՛ յատկապէս հետագայ քայլերը կազմակերպելու առումներով:

Արցախի տեղեկատուական շտապի հայթայթած նիւթերէն կարելի է լուսարձակի տակ առնել հետեւեալները:

– Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու դուրսբերում մարտական դիրքերէն ու տեղափոխում մշտական տեղակայման վայրեր` բանակի կազմալուծման աշխատանքներուն զուգահեռ,

– Որոնողական աշխատանքներ զոհուածներու ու անհետ կորսուածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ,

– Ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիրաւորներու ու հիւանդներու տեղափոխում Հայաստանի հիւանդանոցներ` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ու ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ,

– Արցախ մարդասիրական բեռներու, բժշկական պարագաներու, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ վառելիքի ներմուծում Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով` ռուս խաղաղապահ առաքելութեան միջնորդութեամբ,

– Սեպտեմբեր 24-էն ելեկտրականութեան մատակարարման վերականգնման աշխատանքներու մեկնարկ,

– Արցախի եւ անոր ժողովուրդի ապագային շուրջ քաղաքական խորհրդակցութիւններու կազմակերպում,

– Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ կ՛իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխում այն ընտանիքներուն, որոնք վերջին ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով  անօթեւան մնացած են եւ հանրապետութենէն դուրս գալու ցանկութիւն յայտնած են:

Այս տեղեկութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ մարդասիրական բեռներ սկսած են հասնիլ Ստեփանակերտ, եւ թէ տարհանման աշխատանքներ ընթացքի մէջ են:

Պարզ է, որ բոլոր քայլերն ու գործողութիւնները կը կատարուին եւ կ՛իրականանան ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ:

Թէ՛ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու, թէ՛ փրկաորոնողական աշխատանքներ իրականացնելու եւ թէ՛ տարհանման գործողութիւններ կազմակերպելու առումով ռուսական գործօնը աշխուժացած է:

Պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը: Պէտք է այնպէս ընել, որ որոշ զանգուած մը մնայ Արցախ: Անով իսկ պայմանաւորուած է ռուս խաղաղապահ առաքելութեան կեցութիւնը այնտեղ:

Անգարայէն ուղղակի ուղերձ կար, որ երկուքուկէս տարիէն կ՛աւարտի ռուս խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտը, եւ Թուրքիոյ նախագահը յոյս կը յայտնէր, որ Մոսկուան կը յարգէ իր խոստումը:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմալուծման նպատակով սանձազերծուած պատերազմով ըստ էութեան չեղեալ յայտարարուած է եռակողմ համաձայնութիւնը: Խորքին մէջ ասիկա հարուած է Մոսկուային, որուն երաշխաւորութեամբ եւ միջնորդաւորութեամբ կայացած էր համաձայնութիւնը:

Հիմա ռուսական  նոր միջնորդութիւններ եւ երաշխաւորութիւններ կ՛արձանագրուին` մարդասիրական օժանդակութիւններու կամ սահմանափակ տարհանումներու տեսքով:

Արցախեան կողմը հաղորդած է նաեւ, որ դարձեալ ռուսերու միջնորդութեամբ  կողմերը կը բանակցին զօրքերու յետքաշման գործընթացի շուրջ, ինչպէս նաեւ  տարհանուած քաղաքացիները իրենց բնակավայրերը վերադարձնելու կարելիութիւններուն շուրջ:

Ենթադրեալ բեմագրութիւնը այն կրնայ ըլլալ, որ Արցախի մէջ ապրող հայութիւնը շրջապատուած ըլլայ ռուս խաղաղապահներով եւ դէպի Հայաստան ու անկէ դէպի աշխարհ իր ելքը վերահսկուի առնուազն նաեւ ռուս խաղաղապահներով:

Այս մէկը ռուսական հայեցակէտէ առաջադրելի բեմագրութիւն կրնայ ըլլալ, եթէ ռուս խաղաղապահներու Արցախ կեցութիւնը կ՛ընդունինք, որ պայմանաւորուած է Արցախի մէջ հայ ժողովուրդի գոյութեամբ:

Քաղաքականօրէն ընկալելի է, որ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները մեծ հաշուով կ՛ընթանան Մոսկուա-Անգարա համաձայնութիւններով: Միաժամանակ փաստ է, որ նոյնիսկ Արցախ ներխուժման, բնակավայրերու վրայ յարձակումներ իրականացնելուն Ազրպէյճանի դէմ միջազգային ընտանիքը կը բաւարարուի դատապարտանքով, կոչով, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անբանաձեւ նիստերով:

Կը թուի, թէ այս բոլորին արդիւնքը այն է, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի լուծարման դիմաց Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը ստանձնէ բացառապէս Արցախի ժողովուրդի պաշտպանութիւնը: Առ այժմ զուտ մարդասիրական եւ անվտանգային առումներով: