ԱՀԱԸ -ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան էջէն կը կարդանք՝
Փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան ընդունած է AMAA-ի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Արէն Տէյիրմենճեանը։
Վերջինս ընդգծած է պրն. Մաթեւոսեանի գրասենեակի կարեւոր դերը բարեգործական ծրագրերու յանձնաժողովի ղեկավարման գործին, որուն AMAA-ն անդամակցած է 2003-էն։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ կրթական ոլորտի մէջ մօտակայ տարիներու համագործակցութիւնը։