image

ԱԱԾ-ն Կը զգուշացնէ «Պիտի ստիպուինք կտրուկ քայլերու դիմել»

ԱԱԾ-ն  Կը զգուշացնէ «Պիտի  ստիպուինք  կտրուկ քայլերու դիմել»

Հայաստանի հանրապետութեան «Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն»ը (ԱԱԾ) հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով յայտնած է, թէ ստիպուած  պիտի ըլլայ յաւելեալ կոշտ   քայլերու դիմել՝ կապուած Էրէբունի  շրջանի ՊՊԾ  զօրակայանի  մէջ գտնուող «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբի տղոց նկատմամբ:   ԱԱԾ-ն նաեւ կը յայտնէ, որ   զինեալ խմբակը օրըստօրէ  աւելի  վտանգաւոր կը դառնայ եւ  ցոյց կու տայ յանցաւոր զինալ խումբի մը  բոլոր հիմնական  յատկանիշները: Նշենք, որ այսօր երեկոյեան եւս, ինչպէս անցնող օրերուն, բողոքի  հաւաք պիտի կայացուի   Էրէբունիի յարակից   Խորենացի փողոցին վրայ: