Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ԵՄ-ի միջնորդութեամբ ութ հայ ռազմագերիներ վերադարձան հայրենիք։
Ռազմագերիներով օդանաւը օդակայանը դիմաւորեցին Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան՝ Անն Լիւյոն եւ Հայաստանի մօտ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար՝ Անտրեա Վիքթորին։
ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար՝ Պարոյր Յովհաննիսեան ողջունեց ներկաները, ան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց օգնութիւնը հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական խնդրի հարցով։
Նշենք, որ գերիները Պաքուէն Երեւան հասցուցած է ֆրանսական օդանաւը։