image

8 գերեվարուած զինուորականներ կը վերադառնան Հայաստան

8 գերեվարուած զինուորականներ կը վերադառնան Հայաստան

Փետրուարի 4-ին տեղի ունեցած հեռավար հանդիպման արդիւնքներով` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ 8 հայ ռազմագերի Փետրուար 7-ին վերադարձած է հայրենիք:

Վերադարձուած 8 զինուորներէն ոմանք  այն  զինուորներէն  են, որոնք  գերի ինկած էին 16 Նոյեմբեր 2021-ին։

Կը նշուի, որ Ատրպէյճանը Հայաստանի քաղաքացիները վերադարձուցած է` Արցախեան առաջին պատերազմին ժամանակ զոհուած ատրպէյճանցի զինուորականներու եւ քաղաքացիական անձերու՝ ընդ որում անոնց թաղուած վայրերուն մասին տեղեկութիւններ ստանալու դիմաց: