image

400 թոն մարդասիրական օգնութիւն Երեւանէն կ'ուղարկուի շրջափակուած Արցախ

400 թոն մարդասիրական օգնութիւն Երեւանէն կ'ուղարկուի շրջափակուած Արցախ

«Մարդասիրական օգնութիւն Լեռնային Ղարաբաղին, սնունդ կեանքի համար»․ այսպիսի գրութիւններով՝ մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած երկու տասնեակ բեռնատար այսօր 400 թոն մարդասիրական օգնութիւն պիտի հասցնէ մինչեւ Կոռնիձոր։

Նախատեսուած է Կոռնիձորէն մարդասիրական բեռը, ռուս խաղաղապահներու միջոցով, փոխանցել արդէն 227 օր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի ժողովուրդին։

Երէկ Կառավարութիւնը հաղորդած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբը որոշումներ կայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պարէնային եւ բժշկական հրատապ մարդասիրական աջակցութեան վերաբերեալ:

Կառավարութիւնը չէր մանրամասնած, թէ ինչպէս այդ օգնութիւնը պիտի հասցուի պաշարուած Արցախ։

«Դիմել ենք Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերին՝ հումանիտար օգնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ առաքելու նպատակով»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեանը։

Ան ըսած է, թէ կը կարծէ, որ օգնութիւնը Արցախ հասցնելու հետ կապուած խնդիր չառաջնար։

Բեռերուն մէջ հիմնական ալիւր է, ձէթ, մանկական սնունդ, մաքարոնեղէն, առաջին անհրաժեշտութեան սննդամթերք։