image

31 Յուլիսին Ռուսիոյ ռազմուժի շքերթ

31 Յուլիսին Ռուսիոյ ռազմուժի շքերթ

31 Յուլիսին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին պիտի հիւրընկալէ գլխաւոր ռազմածովային շքերթը, որ տեղի պիտի ունենայ Սէյնթ Փիթըրսպըրկի եւ Քրոնշթատթի մէջ եւ պիտի ստորագրէ հրամանագրեր, որոնք կը հաստատեն Ռուսիոյ Դաշնութեան ռազմածովային սկզբունքը եւ Ռուսիոյ ռազմածովային նաւատորմի կանոնադրութիւնը: Այս մասին շաբաթ օր յայտնած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը։

 

«2022 թուականի 31 Յուլիսին` նաւատորմի օրը, Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ, ՌԴ Զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար՝ Վլատիմիր Փութին պիտի հիւրընկալէ Գլխաւոր ռազմածովային շքերթը, որ տեղի կ'ունենայ Սէյնթ Փիթըրսպըրկի եւ Քրոնշթատթի մէջ»,- յայտնած են մամլոյ ծառայութիւնէն։

Մինչ շքերթի մեկնարկը, Ռուսիոյ նախագահը պիտի ստորագրէ Ռուսիոյ Դաշնութեան ռազմածովային սկզբունքը եւ Ռուսիոյ ռազմածովային ուժերու կանոնադրութիւնը։