Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնն ու «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը կազմակերպած են աւանդական Ջահերով երթը, որ պիտի կայանայ ապրիլի 23-ին՝ ժամը 19։15-ին: Երթը պիտի մեկնարկի Հանրապետութեան հրապարակէն։
Այս մասին ըսուած է ՀՅԴ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Ջահերով երթը կը խորհրդանշէ շարունակական պայքարը՝ ուղղուած Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման՝ ընդդէմ ուրացման եւ մոռացութեան։
Երթը նպատակ ունի յիշեցնել, որ արդարութեան վերականգնման համար պայքարը մշտական է, որ միայն պայքարի, ինքնակազմակերպման եւ համազգային կամքի դրսեւորման շնորհիւ մենք կրնանք ըլլալ պաշտպանուած՝ հեռու վանելով մէկ դարէ աւելի մեզ հետապնդող ցեղասպանութեան ուրուականը։
Այս տարի եւս, բոլոր փափաքողները հնարաւորութիւն ունին մասնակցելու Ջահերով երթին որպէս ջահակիր: Ջահակիր դառնալու համար անհրաժեշտ է լրացնել առցանց յայտադիմումը` https://forms.gle/7kFBdhM6E9ZEUaL59։
Ջահակիր դառնալու համար յայտերը լրացնելու վերջնաժամկէտն ապրիլ 20-ն է։
Երթը պիտի աւարտի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, ուր մասնակիցները պիտի յարգեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը՝ վերահաստատելով պայքարի շարունակականութիւնը։