image

2 օրուան լռութիւնէ ետք, «Հըզպալլա» վերսկսած է Իսրայէլի հրթիռակոծումը

2 օրուան լռութիւնէ ետք,  «Հըզպալլա» վերսկսած է Իսրայէլի հրթիռակոծումը

Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը պիտի վերականգնէ Կազայի հատուածին «աջակցութեան ճակատը» եւ ուրբաթ առաւօտէն պիտի յարձակի իսրայէլեան ռազմական դիրքերու վրայ.  ինչպէս հաղորդած է «Հըզնալլա»-ի թելեկրամեան ալիքը, ըսած է շարժման ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլան։ 

«Իսրայէլի յանցագործութիւններուն անպայման պատասխան պիտի ըլլայ, եւ այս հարցը քննարկման ենթակայ չէ: Դուք չէք գիտեր, թէ ինչ կարմիր գծեր հատած էք, երբ հիւր սպանած էք Իրանի մէջ: Ծիծաղեցէք այսօր, քանի որ յառաջիկային ձեզի շատ արցունքներ կը սպասեն»,-ըսած է «Հըզպալլա»-ի առաջնորդը։

Աւելի ուշ հաղորդուած է, որ 48-ժամեայ դադարէ ետք «Հըզնալլա» վերսկսած է հրթիռակոծութիւնները Իսրայէլի վրայ։

Յուլիս 31-ին Թեհրանի մէջ սպանուած է պաղեստինյան «Համաս» շարժման քաղբիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէն, որ Իրան ժամանած էր երկրի նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան կապակցութեամբ: «Համաս» ատոր համար մեղադրած է Իսրայէլը։ Իսրայէլ չէ ստանձնած անոր սպանութեան պատասխանատւութիւնը։

Իրանի ընդհանուր սպայակոյտի պետ Մոհամմատ Պաղերին յայտարարած էր, որ Իրանը Հանիյէի արիւնը առանց վրէժի պիտի չձգէ: 

«Մենք Հանիյէի արիւնն առանց վրէժի չենք ձգեր։ Մենք կ՚աշխատինք Իսրայէլին մեր պատասխանի վրայ եւ պիտի ստիպենք Իսրայէլին շատ զղջալ ատոր համար», -ըսած էր Պաղերին: