image
Հրատապ լուրեր:

1918 Թուականի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հիմնադիրը համագործակցած Է նացիստական Գերմանիոյ հետ

1918 Թուականի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հիմնադիրը համագործակցած Է նացիստական Գերմանիոյ հետ

Իլհամ Ալիեւ եւ ատրպէյճանական լրատուական միջոցները յաճախ կ՛անարգեն հայ ազգային հերոս Գարեգին Նժդեհը՝ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն նացիական Գերմանիոյ հետ կապ ունենալուն համար:

Սակայն, ատրպէյճանցիները երբեք չեն նշեր 1918 թուականին անկախ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հիմնադիր՝ հայր Մամետ Ռասուլզատէի ատրպէյճանական լեգէոնին հետ կապ ունենալուն եւ նացիական Գերմանիոյ համար կռուած ըլլալուն մասին: Նախագահ Ալիեւ 2017-ի իր ելոյթին մէջ չյիշատակեց Ռասուլզատէն՝ Ատրպէյճանի առաջին Հանրապետութեան առանցքային դէմքերուն անունները նշելու պահուն։

2020-ին, երբ Ալիեւ Նժդեհը մեղադրեց նացիական ըլլալու մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հակադարձեց՝ ըսելով, որ Ռասուլզատէն «սերտօրէն գործակցած է նացիական Գերմանիոյ եւ Նացի կուսակցութեան հետ»։ Փաշինեան քննադատեց Ալիեւը՝ Ռասուլզատէն հերոսացնելուն համար: Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխ խօսնակ Ֆեզայիլ Իպրահիմլի Մայիս 2020-ին խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին առարկեց՝ ըսելով, որ Փաշինեանի մեղադրանքը «մոլորութիւն է»։

Մինչ Ալիեւ կը շարունակէ քննադատական մեկնաբանութիւններ ընել Երեւան գտնուող Գարեգին Նժդեհի արձանին մասին, ան կը խուսափի ընդունելէ, որ Ատրպէյճանի մէջ կան Ռասուլզատէի անունով քանի մը փողոցներ եւ պողոտաներ, անոր արձանները ամբողջ երկրին մէջ տարածուած են, իսկ անոր պատկերը՝ թղթատարական նամականիշերու եւ թղթադրամներու վրայ են։ Ռասուլզատէի անունով Պաքուի մէջ կայ նաեւ համայնքապետարան։ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նոյնիսկ գոյութիւն ունի  «Ռասուլզատէի անաթոլիական միջնակարգ դպրոց»։

Մարդոց մեծ մասը տեղեակ չէր ըլլար Ռասուլզատէի՝ նացիական Գերմանիոյ հետ ունեցած թաքուն կապերուն մասին, եթէ տեղի չունենար անոր կեանքին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնի առեղծուածային կասեցումը. անիկա պէտք է սփռուէր Ատրպէյճանի պետական հեռատեսիլի կայանէն, 31 Յունուար  2022-ին՝ ծննդեան 138-րդ տարելիցին առիթով։ Սակայն, հեռասփռուելէն միայն օր մը առաջ, վաւերագրական ժապաւէնը չեղեալ նկատուեցաւ առանց որեւէ բացատրութեան։ Հետեւանքը այն եղաւ, որ ատրպէյճանական հեռատեսիլային հաղորդման արտադրող Ֆահրատտին Հասանզատէ ներկայացուց իր հրաժարականը։

Եթէ Ռասուլզատէի կենսագրական վաւերագրական ժապաւէնը սփռուէր, ապա երկրին մէջ կրնային թարմացուիլ խօսակցութիւններ՝ Հիթլերի ատրպէյճանական լեգէոնին հետ Ռասուլզատէի ունեցած աջակցութեան մասին: Համաշխարհային Բ. պատերազմին, այս զօրամիաւորը կը բաղկանար 70 հազար զինուորէ: Հայկական լեգէոնը ունէր 11․6էն 33 հազար զինուոր, իսկ վրացականը՝ 30 հազար զինուոր՝ ըստ Ուիքիփետիայի։ Երեք լեգէոններու զինուորներն ալ ռազմագերիներ էին, որոնք գերի տարուած էին գերմանացիներու կողմէ: Բոլորը յոյս ունէին, որ Գերմանիոյ յաղթանակով իրենց հայրենիքները կ՛ազատագրուէին խորհրդային բռնագրաւումէն:

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Դաւիթ Դաւիթեան World Geostrategic Insights-ի մէջ գրած է. «Ռասուլզատէ նացիներու հետ յարաբերութիւններ հաստատեց 1930-ականներուն, երբ Ռումանիա կ՛ապրէր: Համաշխարհային Բ. պատերազմի սկիզբը Գերմանիոյ ներկայացուցիչները Ռումանիոյ իշխանութիւններուն ծանուցեցին, որ Ռասուլզատէ իրենց քաղաքական դաշնակիցն է եւ խնդրեցին, որ Ռասուլզատէի տրամադրուին փաստաթուղթեր, որոնք թոյլ կու տան դիւրացնելու անոր դիւանագիտական անցումը՝ Պերլին: Ռասուլզատէի նպատակն էր՝ օգնել նացիական  Գերմանիոյ՝  նուաճելու  Կովկասը  կամ  ստիպելու Թուրքիան՝ իբրեւ Գերմանիոյ դաշնակից, ընելու նոյնը՝   ճամբայ բանալով անկախ Ատրպէյճանի  համար  եւ,  ինչու չէ, ոչնչացնելով  այն,  ինչ  որ մնացած էր Հայաստանէն»։

Դաւիթեան կ՛աւելցնէ. «1942ի Մայիսին, Ռասուլզատէ մասնակցած է նացիներու եւ կովկասեան մահմետական  գաղթականներու  ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն եւ ատրպէյճանցի ռազմագերիներէն աշխուժօրէն  հաւաքած գունդեր՝ գերմանական Վերմախտի (Նացիական Գերմանիոյ զինուած ուժեր) համար…: Հետաքրքրական է, որ Ռասուլզատէ Գերմանիա մնացած է մինչեւ 1947: Վերջապէս, ան հաստատուած է Թուրքիա, ուր ապրած է մինչեւ իր կեանքին վերջը, 1955»:

Ռասուլզատէի թոռնիկը՝ Ռայիս Ռասուլզատէ, 1999-ին, Azerbaijan International ամսագիրի աշնանային թիւին մէջ գրեց. «Շատ չանցած, Հիթլեր սկսաւ փնտռել մէկը, որ զինք պիտի ներկայացնէր անդրկովկասեան տարածաշրջանին մէջ։ Ան հայերու կամ վրացիներու մէջ յարմար մէկը չկրցաւ գտնել, բայց լսած էր Ռասուլզատէի մասին՝ իբրեւ ուսեալ  եւ բարեկիրթ անձնաւորութիւն»: Անոր թոռնիկին խօսքով, երբ Հիթլեր Պերլինի մէջ հանդիպած է Ռասուլզատէի, անկէ խնդրած է ելոյթ ունենալ ֆաշիստական գերմանական բանակի ատրպէյճանցի զինուորներուն առջեւ։

Փաստաթուղթի մը մէջ (WO 208/4367), որ կը գտնուի Միացեալ Թագաւորութեան պատերազմի գրասենեակի արխիւներուն մէջ, մէջբերում կատարուած է Հիթլերէն, որ 12 Դեկտեմբեր 1942ին ըսած է. «Վրացիները թուրք ժողովուրդ չեն, աւելի ճիշդ  բնորոշելի՝ կովկասեան ցեղ են, հաւանաբար նոյնիսկ սքանտինաւեան արիւնով: Հակառակ բոլոր բացատրութիւններուն` կամ (Ալֆրետ) Ռոզենպերկի (նացիզմի գաղափարախօս), կամ ռազմական կողմէ, ես նոյնպէս չեմ վստահիր հայերուն: Հայկական ստորաբաժանումները կը նկատեմ նոյնքան անվստահելի ու վտանգաւոր։ Վստահելի կը նկատեմ միայն անոնք, որոնք մաքուր մահմետականներ են, այսինքն՝ իրական թուրք ժողովուրդները»։

Իր յօդուածին մէջ Դաւիթեան կը յայտնէ, որ ատրպէյճանական I./111 դաշտային գումարտակը «Օգոստոս 1944ին մասնակցած է Վարշաւայի ապստամբութիւնը ճնշելու գործողութեան, որուն հետեւանքով զոհուած է մօտաւորապէս 40 հազար (լեհ) խաղաղ բնակիչ»։

Եզրափակելով՝ Դաւիթեան ատրպէյճանցիներուն յիշեցուցած է հետեւեալ ասացուածքը. «Անոնք, որոնք կ՛ապրին ապակիէ տուներու մէջ, պէտք չէ քարեր նետեն ուրիշներու տուներուն վրայ: Ես կ՛ուզէի աւելցնել աստուածաշնչեան այս խրատը. «Կեղծաւո՛ր, նախ քու աչքիդ մէջի գերանը հանէ եւ յետոյ յստակ կը տեսնես, թէ ինչպէս կարելի է եղբօրդ աչքին մէջէն շիւղը հանել»։

Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...