image

Զիւրիխի Թուրքիոյ հիւպատոսարանին վրայ յարձակում

Զիւրիխի Թուրքիոյ հիւպատոսարանին վրայ յարձակում

Զուիցերիոյ մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան վրայ  յարձակում կատարուած է, որուն ընթացքին կիրառուած են պայթուցիկ նիւթեր: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը, մանրամասնելով, որ միջադէպը տեղի  ունեցած է Զիւթիխի մէջ՝ 18-19 Յունուարին՝ ժամը 00:30-ի կողմերը:

Զիւթիխի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին ուղղութեամբ պայթուցիկ նիւթեր նետելու հետեւանքով վնասուած են շինութեան պատուհաններն ու պատերը, իսկ երկրի ոստիկանութիւնը դէպքին առթիւ հետաքննութիւն սկսած է:  

Քննութեան առնուած են տարածքին մէջ տեղադրուած տեսախցիկներու տեսագրութիւնները: