image

Ժընեւեան Ժողովները Ժամանակ Շահելու Համար Են. Սագօ Արեան

Ժընեւեան  Ժողովները   Ժամանակ Շահելու Համար Են. Սագօ  Արեան

Սուրիոյ  տագնապին համար  քաղաքական  լուծումներու  ընդհանուր օրակարգ մը մէջտեղ բերելու կոչուած   ժընեւեան  ժողովները   կորսնցուցած են  իրենց ուժականութիւնը: Մինչ  անցնող  առաջին  երկու ժողովներուն        Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերը    մեծ յոյսեր կը տածէին    ժողովներուն առընթեր, այսօր իրավիճակը նոյնը չէ:

Ու գաղտնիք ալ չէ, որ    բոլոր   կողմերը կը փորձեն  ժամանակ  շահիլ: Մինչ  Սուրիոյ   կառավարութիւնը  ներկայացնող պատուիրակութիւնը  աչալուրջ  կերպով  ու  առանց  յայտատարութիւններ կատարելու  Ժընեւ կը հասնէր, անդին ընդդիմադիր կողմեր  գրեթէ պառակտուած    տեսարանով  կը    ի յառաջաքունէ  կը յայտարարեն, թէ ժողովներուն   ձախողութեան  գլխաւոր   պատասխանատուն պիտի ըլլայ սուրիական իշխանութիւնը:

 

 

Արդէն  5-րդ տարին  թեւակոխող   սուրիական  պատերազմի ընդհանուր տեսարանին  մէջ եւս  բանակցութիւններու   լեզուն  դարձած  է հակամարտութիւնը   վարելու նոր ընթացակարգ մը:

 Այս բոլորին    հետ պէտք է կարեւորութեամբ նկատել, որ    որ տագնապին  մէջ  կարեւոր դեր ստանձնած երկու  գերպետութիւնները      մասնաւորապէս վերջին  հանգրուանին     սերտ  գործակցութեամբ  մը յառաջ կը տանին  աշխատանքները:   Այստեղ կարեւոր ապացոյց մը       արձանագրելու համար պէտք է  նշել քրտական  -  զինեալ  խմբաւորման մասնակցութեան  պարագան: Մինչ    Մոսկուա  եւ անոր համախոհները քրտական  կողմին  մասնակցութիւնը   կը համարէին խիստ կարեւոր անդին  Թուրքիա կտրականապէս  կը մերժէր քիւրտերուն մասնակցութիւնը   զանոնք համարելով     PKK-ի  սուրիական  ճակատին    շարունակութիւնը:     Տեղի   ունեցած   ուժեղ  լարումներէն ետք,    Սուրիոյ հարցերով ամերիկացի բանագնաց  Մայքըլ Րաթնի    Լոզանի մէջ կապ կը հաստատէր   YPK -ի ղեկավար Սալէհ Մուսլէմին հետ եւ  անոր  «կը թելադրէր» այս  հանգրուանին    ներկայ չըլլալ Ժընեւի ժողովին ու սպասել մինչեւ յառաջիկայ Փետրուար: Բնականաբար ամերիկեան  այս թելադրանքը        պէտք է տեղադրել Մոսկուա- Ուաշինկթըն    ընդհանուր համագործակցութեան ծիրին   մէջ   հակառակ  անոր, որ  պատերազմական գետնի վրայ    սուրիական բանակ- քրտական  ջոկատներ   համագործակցութիւնը      կ'արդիւնաւորուի ռուսական  կողմին  «օրհնութեամբ»:

 

 Բացի ասկէ   Քաթար, Րիատ եւ Անգարա   անհանգիստ մօտեցումներով  հանդէս կու գան, որովհետեւ  պարզօրէն  երեւելի է, որ ներկայ հանգրուանին     երկու գեր տէրութեանց    փակ սենեակներուն  մէջ     ընթացող բանակցութիւնները   աւելի ուշ մարմին պիտի ստանան  եւ  այդ լուծումները    կրնան  նոյնպէս հաշուի   չառնել Սիւննի «մեծ եռեակ»ին  ընդհանուր շահերը:

 

  Պատերազմական խաղաքարտը  կը թուի     անցած ըլլալ   իր կարեւորագոյն առաջին  փուլը  եւ յառաջիկայ  հանգրուանը  պիտի ըլլայ    քաղաքական խմորումներուն փուլ:    Եւրոպացի տարբեր վերլուծաբաններ      տարուող  գաղտնի  հանդիպումներուն  մասին  նշումներ ընելով     կը յայտատարեն, որ  Մոսկուայի  եւ Ուաշինկթընի համար Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը   կարեւորագոյն  հիմունքն է, որուն վրայ պիտի կառուցուին քաղաքական ընդհանուր լուծումները:

 Ինչպէս նախօրօք ալ ըսած  ենք,   կրկնելու գնով պէտք է  շեշտադրել, որ այսօր արեւմուտքին համար Ասատի իշխանութիւնէն հեռացումը  առաջնահերթութիւն մը չէ:

     Եւրոպային համար լուրջ սպառնալիք հանդիսացող  գաղթականներու խնդրէն բացի  կարեւոր է,  որ   չափաւորական  սիւնննի    խմբաւորումներ մաս կազմեն   փոխանցման կառավարութեան  մը, որ պէտք է նոր սահմանադրութիւն  պատրաստէ եւ  երկրին մէջ   կայացնէ  խորհրդարանական եւ ապա  նախագահական  ընտրութիւններ:

  Բնական է, որ  Սիւննի մասնակիցներու  վերջնական    ցուցակին  պատրաստութիւնը կրնայ երկար  ժամանակ առնել, որովհետեւ եւ Անգարա  ու մանաւանդ Րիատ  տակաւին  պատրաստ չեն զիջումներու երթալու:

 

  Այս բոլորէն բացի   սուրիական  բանակը կը շարունակէ իր յառաջխաղացքը: Ռուսիոյ նեցուկով  պայմանաւորուած զինուորական  յաջողութիւնները  բնականաբար իրենց երեւելի ազդեցութիւնները պիտի ունենան    տարուելիք  բոլոր  բանակցային գործընթացներուն վրայ:

Այնպէս, որ եթէ  Անգարա  բայց մասնաւորապէս Րիատ այսօր  պատրաստ չըլլան զիջումներու   վաղը  կրնան շատ աւելի  մեծ վնասներով   «մասնակցիլ»  սուրիական  խնդրի լուծման        «առեւտուր»ին:

 

 Թրքական  կողմին   համար  կարեւորագոյն կէտը   կը մնայ  իր սահմաններուն մօտ  քրտական ինքնավար   մարզերու  ստեղծման դէմ պայքարը  կամ  վէթոն: Ու այս կէտին մէջ է, որ  Անգարա եւ  Դամասկոս կրնան համաձայնութեան եզրեր գտնել:

 

 Այս   մօտեցումը կրնայ  զարմանալի թուիլ  շատերու, բայց եւ այնպէս  տեղին է յիշեցնել, որ մօտիկ  անցեալին      Դամասկոսը  գետնի  հաւասար ընելու      յայտատարութիւններով հանդէս եկող Օպամայի վարչակարգը այսօր  հալած իւղի պէս   «կը կլլէ»     Ասատի իշխանութիւններուն   բանակցութեան սեղանին իբրեւ  օրինական կողմ մասնակցութիւնը:  Տակաւին չեմ խօսիր այն  գաղտնի ու չյայտարարուած  բանակցութիւններուն  մասին, որ       կը տարուին Դամասկոս- Ուաշինկթըն    թէժ  գիծին  վրայ: Կամ  ամերիկեան լրատուական  միջոցներուն Ասատի թեման  անտեսելուն  կամ   մեղմ  ասած անցեալին համեմատ անոր «սատանայացման»   գործընթացը կանգնեցնելու  մասին:

 Օպամայի ու անոր    հեռանալիք վարչախումբին համար  դեւը   Ասատը չէ  այլ պատերազմը: Ու եթէ նախքան ընտրութիւններուն հասնիլը Ամերիկա  Մոսկուայի օրհնութեամբ եւ կարգադրութեամբ կարողանայ առնուազն   քաղաքական    լուծումներու ճանապարհային քարտէզ մը գծել, ապա   Տէմոքրաթներու   տանելիք պայքարը  պիտի դառնայ շատ աւելի հեշտ ու    տանելի:

Ի վերջոյ  խաղաղութեան սեղան   բացող       իշխանութիւնները շատ աւելի մեծ միաւորներ կը  շահին քան  անոնք, որ պատերզամներ կը հրահրեն ու յաճախ    ուղղակի կամ  անուղղակի միջոցներով  կը մտնեն արեան   աւազաններու մէջ:

 Ուրեմն այս  ֆոնին վրայ    դժուար չէ  կանխատեսել, որ ինչպէս Ուաշինկթըն  այնպէս ալ Թուրքիա   որոշ  զիջումներու երթայ:

Անշուշտ  երբ  խօսքը մեծ գործընթացներու մասին է  անունները կը դառնան  երկրորդական ու անկարեւոր: Այսինքն Ասատի շուրջ   եղող   վէթոները  նոյնիսկ եթէ չվերանան   Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն  կրնան  նոր ձեւաչափ մը մէջտեղ   նետելով      արեւելքի միւս բոլոր Սիւննիները համոզել, որ  պատրաստուած ճաշը այս է  ու հրամմեցէք  եւ օգտուեցէք եղածէն:

 

 Մտահոգիչ կրնայ ըլլալ Րիատի պարագան, որուն ղեկավարները մինչեւ այս պահը կը շարունակեն  նոյն յամառութեամբ  ընդդիմանալ առանց  քննարկումներու սեղանին շինիչ առաջարկներ  ներկայացնելու:

 Ու  բնաւ զարմանալի չէ, եթէ Րիատի կառավարութիւնը բարդ  քաղաքական դրութեան  առջեւ   կանգնի, ի  հարկէ եթէ ամերիկեան մտածողութեան մէջ    աճած ըլլայ  թագաւորութիւնը մասնատելու  գաղափարը:

 

  Առանց  երկմտանքի  բացորոշ է, որ   սուրիական  տագնապին  շուրջ  տարուող քննարկումները նոր   հանգրուան մը պիտի  բանան    Միջին Արեւելքին  համար:

Բայց կարեւորագոյնը  այն է, որ    տարուելիք  գործընթացներուն  մէջ արիւնով գծուելիք  նոր  քարտէզներ չըլլան: 

 

 

 

 Սագօ  Արեան  

«Ժամանակ»

Պոլիս