image
Հրատապ լուրեր:

Յո՞ Երթաս, Հա՛յ Ժողովուրդ/ Աւետիս Հաճեան

Յո՞ Երթաս, Հա՛յ  Ժողովուրդ/ Աւետիս  Հաճեան

Կը մէջբերեմ  9 Օգոստոսի «Սասուն»  և  «Թամզարա» հայկական պարախումբերուն  ելոյթներէն ետք, Առաջնորդ Գերշ. Տէր  Հայկազուն  Ս. Եպս. Նաճարեանի փակման խօսքէն հետեւեալ պարբերութիւնը, «Ժողովուրդի մը գոյատեւումը պայմանաւորուած է  իր ոտքի տակի հայրենի հողով: Սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ, մեր ոտքի տակի հայրենի հողը, մեր մշակոյթն է, մեր մայրենի լեզուն է,  մեր գիրն ու գրականութիւնն է, մեր երգն ու պարն է»:Թէ այդ օր,  ներկաներէն քանի՞  հոգի անսաց Սրբազան Հօր պատգամին, չի  գիտցուիր, հաւանաբար, անոնց մէկ ականջէն մտնելով, միւս ականջէն դուրս  ելած էր, առանց հետք մը թողելու իր ետին:  Հիմա ալ,  թէ  քանի՞  հոգի պիտի  կարդայ  իմ այս յօդուածս, չի գիտցուիր,  բայց անպայման  պիտի կարդան հին սերնդականները,  ատոր  վստահ եմ, որովհետեւ,  անոնց ալ սիրտը կ'արիւնի,  ի տես  նոր սերնդականներուն բռնած այլասերման ուղիին:  Սակայն,  նոր  սերունդին  ներկայացուցիչները, պիտի չկարդան զայն,  պարզ այն պատճառով,  որ  անոնք  հայերէն չեն գիտեր,  եթէ  գիտնան  իսկ,  հայերէն գիր-գրականութիւն, հայերէն թերթ-գիրք չեն կարդար:  Իրենց  համար  աւելի  հեշտ  կը  հնչէ, իրենց  աւելի  սրտամօտ է օտար  լեզուն,  քան  իրենց  մայրենի լեզուն, որ  օտարացած  է  իրենց  համար:Հայերէնի  ընթերցասիրութիւնը պիտի  գայ,  պիտի սկսի տունէն, ընտանիքէն,  որուն  հայրն ու  մայրը,  պէտք է առաջին  հերթին, իրենք  իրար հետ  հայերէն  խօսին,  իրենց  զաւակներուն  հետ հայերէն  խօսին,  ստիպելով  զանոնք, որ  իրենք ալ հայերէն  խօսին:  Եթէ  ես  այսօր համեստ  գրող մը  եղած եմ, ատիկա  կը  պարտիմ, առաջին  հերթին  իմ  մօրս՝  Հռիփսիմէին: Տակաւին  շատ  փոքր էի, երբ  մայրս,  չեմ  գիտեր ուրկէ'՞  ձեռք ձգեր էր Եգիպտահայ ծանօթ մանկավարժուհի  Զապէլ  Զաքարեանի  «Իմ  Մանկապարտէզը» այբբենարանը,  զոր  ամէն օր  ձեռքս  կու  տար, որ  կարդամ: Երբ 10-12  տարեկան  երախայ  էի,  ինքն էր, որ  ինծի  կը  թելադրէր այս գիրքը  կարդալ, այն գիրքը կարդալ, և ես, մեր Գահիրէի  Գալուստեան Ազգային  նշանաւոր Վարժարանին, որ  դարբնոց  մըն էր  հայակերտման,  գրադարանէն կը գտնէի  զայն,  և կը կարդայի յափշտակութեամբ: Կը  յիշեմ,  հայերէն  առաջին գիրքը, զոր կարդացած եմ, մօրս  թելադրութեամբ,  «Ասպետ Լիպարիտ» խորագրուած էր, որուն հեղինակը  չեմ յիշեր դժբախտաբար, անոր  վրայէն  75  երկար տարիներ անցած են ...

Այնուհետեւ, եկան հայերէնի իմ ուսուցիչներս, հայերէնի իմ պաշտելի, իմ նուիրական ուսուցիչներս՝ ռամկավար Երուանդ Չերքէզեանըհնչակեան Զարուհի Ծաղկունին, գրաբարագէտ չէզոք Քերովբէ Կոստանդեանը, ռամկավար-համակիր բանաստեղծ Արշամ Տատրեանը, դաշնակցական բանաստեղծ Սարգիս Սահակեանըորոնց շարքին պէտք է  յիշեմ նաև «Ազգային Պատմութիւն»ի իմ սիրելի պատմաբան ուսուցիչս՝ ռամկավար երախտաւոր գործիչ Լեւոն Աճէմեանը, որ հայ ժողովուրդին տառապալից  պատմութեան սէրը ներարկեց երակներուս մէջ, և երբտասնամեակներ ետք, մեր ժողովուրդին պատմութեան ժամանակակից ողբերգական դրուագները ինծի համար լուրջ ուսումնասիրութեան առարկայ դարձան, հաւանաբար, առաջին հերթին  իր  ցանած սերմն էր, որ բողբոջեցաւ ու ծաղկեցաւ, դառնալով շօշափելի իրականութիւն: Այսօր, ես երկիւղածութեամբ և  խոր  երախտագիտութեան զգացումով  է, որ կ'արտասանեմ անոնց անուններըորովհետեւանոնք  սուրբեր էին, անձնազոհութեամբ նուիրեալները՝  հայ նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն  ջամբելու սրբազան առաքելութեան:

Հետեւաբարտունն է, ընտանիքն է, որ  պիտի կերտէ  տղեկին ու աղջնակին մէջ հայկականութիւնը, անոր հիմերը նետէ անոնց մէջ, վարժարանը պիտի գայ անոնց  վրայ շէնքը բարձրացնելու, եթէ հիմ դրուած չէ, շէնքը  ինչի՞ վրայ պիտի կառուցուի: Ուրեմն, առաջնային է  ծնողքին դերը՝ հայ մարդը կերտելու առաքելութիւնըաւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ծնողքին  պարտականութիւնն է, որովհետեւհայ ծնողքը, իրեն համար  սրբազան առաքելութիւն պէտք է նկատէ, իրենց  զաւակները  հայօրէն  դաստիարակելուանոնց մէջ սերմը ցանելու հայկականութեան:  

Հայերէն սորվիլ, հայերէն  խօսիլ  չուզողները, յանկերգ մը ունին, զոր անոնք տեւապէս կը  յեղյեղեն՝ ինքնարդարացման զուր ջանքեր  թափելով, թէ՝ հայկական ոգին է կարեւորը, ոչ թէ հայերէն լեզուն ...  Համաձայն եմ, որ հայկական ոգին  կարեւոր է, և առաջնահերթ, որովհետեւհայկական  ոգին  եթէ իր մէջ վառ պահած է հայ մարդը, անպայման պիտի ուզէ հայերէն սորվիլանպայման հայերէն պիտի խօսի, ըստ այնմ ալ, փոխադարձաբար, այն հայ մարդը, որ կը մերժէ հայերէն խօսիլ, կը նշանակէ, թէ անոր մէջ կը պակսի հայկական ոգին, որովհետեւ, մէկը միւսին առնչուած է, մէկը միւսով ամբողջական է: Հայկական  ոգին  անջատ բնոյթ մը չէ, և հայերէն լեզուն  անկէ անկախ դրոյթ մը չէ, մէկը միւսով  պայմանաւորուած է, այսքան պարզ  ճշմարտութիւնը  թող ըմբռնեն անոնք, որոնք կը թերանան  իրենց մայրենի լեզուն  օգտագործելու պարտականութեան մէջ:

Հայրս՝ Յովհաննէս, ծնած ու մեծցած էր Մարաշ, այնպէս որ, թրքախօս էր: Սակայներբ Եգիպտոս  եկած և ամուսնացած էր հայ աղջկայ մը հետ, անկէ  հայերէն սորված էր և իր զաւակներուն հետ՝ հայերէն կը  խօսէր, նոյնիսկ հայերէն գրել սորված էրթէև ահաւոր տառասխալներով, բայց գէթ Մեսրոպեան տառերով  իր միտքը կ'արտայայտէր: Ինչո՞ւ ... Ինչպէ՞ս կ'ըլլար  այդ ...  Պարզապէս, որովհետեւ, իր մէջ վառ ու անեղծ մնացած էր հայկական ոգին, որ զինք մղած էր սորվելու և խօսելու իր մայրենի լեզուն, այն ալ՝ իր չափահաս տարիքին:

Տակաւին խաւ մը կայ հայանուն մարդոցյատկապէս  կարգ մը ծնողները աշակերտներուորոնք այն համոզումը ունին, թէ հայերէնը ի՞նչ  օգուտ ունի, ի՞նչ  բանի պիտի ծառայէ, երբ իրենց զաւակը  շուկայի  ասպարէզ կը մտնէ, ո՞ւր պիտի գործածէ հայերէն լեզուն ... Առաջին ակնարկովայս համոզումը  պաշտպանող  հայ մարդը  իրաւունք ունի ...  Սակայնլեզուն  ազգի մը գոյատեւման  գլխաւոր  ազդակներէն մըն է, մանաւանդ՝  մեզի  նման փոքրաթիւ ժողովուրդի մը համար, որովհետեւ, երբ  անգլիացի մը, ֆրանսացի մը, մէկ խօսքով՝  մեծաթիւ  ազգ մը որքան  որ ալ  կորուստներ ունենայտարբերութիւն չըներԲայց  մեզի համար՝  իւրաքանչիւր անձի  կորուստը՝ մեծ վնաս է: Իսկ եթէ այդպէս  համոզուած հայ մարդուն համար ազգային մտահոգութիւն չեն մեր  կորուստները, այն ատեն, դժբախտաբար, ըսելիք չունինք ...

Սակայն, ես նկատի ունիմ  այն հայը, որ հայկական ոգի ունի, իբրեւ հայ  կ'ապրի, և ոչ թէ այլասերման  ճամբան բռնած հայանուն մարդըԲանաստեղծ  մեծն Վահան Թէքէեանը, անգամ մը, սրտին խորէն  բացագանչեր է «Բանաստեղծութիւնը կ'ուտուի՞ ... »,  այսինքն՝  բանաստեղծութիւնը փոր կը կշտացնէ՞ ... Անշուշտ թէ ոչ: Բայց բանաստեղծութիւնը մարդուն հոգին  կ'ազնուացնէ: Հիմա ես ալ իմ կարգիս, հարց տամ. «Հայերէնը կ'ուտուի՞», այսինքն՝ փոր կը կշտացնէ՞ հայերէնը. անշուշտ թէ ոչԲայց հայու հոգին կը կշտացնէ, եթէ անոր մէջ վառ ու կենդանի մնացած է  հայկական ոգին: Թէև ես հայերէնով է, որ գէշ-աղէկ ապրեր եմ իմ կեանքս, որմէ բնաւ ալ դժգոհ չեմ ...

ԳահիրէԵգիպտոսՌամկավար  կուսակցական  ղեկավար մը ունէինք, Կարապետ  Տէմիրճեան անունով, որ երբ Ամերիկա գաղթեց, անակնկալի  եկաւ, երբ հոն տեսաւ, որ ժողովները տեղի կ'ունենան  անգլերէն  լեզուով, հակառակ  որ  ժողովականները  հայ են և հայերէն ալ գիտեն խօսիլ: Ընդվզեցաւ, բողոքեցբազմիցս բողոքեցմինչեւ որ  ժողովականներէն մին, այլեւս համբերութիւնը հատած՝  կը բացագանչէ. «Ես  Ակումբին  100  տոլար կը նուիրեմ, եթէ ընկեր Տէմիրճեանը լռէ և տեղը նստի ...»:  Հիմա այս մարդն ու իրեն նման հայանուն մարդոց  մէջ, ո՞ւր է  հայկական ոգին ... Ասոնք այլասերած, անունով միայն հայեր են: Անոնք ոչ միայն կ'ուրանան իրենց մայրենի լեզունայլեւ կը ջանան, որ ուրիշներ ալ հետեւին իրենցորպէսզի  առանձին չմնան իրենց զարտուղութեան մէջ: Անոնք լրիւ պարպուած են հայկական ոգիէն, հայկական ոգին իրենց համար օտար է, խորթ է: Անոնք չակերտուած «հայեր» են:

Եթէ հայկական ոգին վառ մնացած ըլլար սփիւռքահայուն մէջ, այսօր  Սփիւռքի  հայկական վարժարանները պիտի աճէին ու բարգաւաճէին, ոչ թէ  խափանուէին ու փակուէին: Եթէ հայկական ոգին զարթուն մնացած ըլլար սփիւռքահայուն մէջ, այսօր հայ գիրն ու գրականութիւնը պիտի զարթօնք ապրէին, ծաղկէին, ոչ թէ դադրէին՝ առ ի չգոյէ ընթերցողի: Եթէ հայկական ոգին կենսունակ մնացած ըլլարսփիւռքահայ  թերթերուն  լոյսը պիտի ճառագէր ամէն հայու տունէն ներս, ոչ թէ խաւարէր:

Կ'ըսուի, թէ  Աւստրալահայ  գաղութը  կը հաշուէ 30-40,000 հայ: Սակայն, վերջին մարդահամարէն ի  յայտ կու գայ, թէ միայն 9,000 անհատներ պատասխանած են, թէ իրենց մայրենի լեզուն հայերէնն է: Ուրեմն, մնացեալ երկոտասնեակ կամ երեքտասնեակ «հայերը»  օտար լեզուն  նկատած են իրենց մայրենի լեզուն, պատճառ հանդիսանալով, որ Աւստրալիոյ  իշխանութիւնները  հայկական ռատիօժամերուն  յաճախականութիւնը կրճատեն:

Հայկական  ոգին  վառ ու կենսունակ մնացած է միայն Միջին Արեւելքի   հայագաղութներուն մէջ: Հայկական ոգին վառ ու կենսունակ մնացած է Եգիպտահայութեան մէջ, որ հակառակ իր թուաքանակին զգալիօրէն նուազած ըլլալուն, իր 2,000 հայութեամբ, երկու օրաթերթ և մէկ շաբաթաթերթ կը պահէ: Մինչ աւստրալահայ գաղութը, նոյնիսկ եթէ նկատի ունենանք այդ 9,000 հայութիւնը, հազիւ չորս ամսաթերթ կը պահէ, երբ անոնցմէ մին նախապէս շաբաթաթերթ էր: Այդ չորս ամսաթերթերն ալ կը գոյատեւեն շնորհիւ անոնց  ետին կանգնած կազմակերպութիւններուն յանձն առած զոհողութիւններուն:

Դժբախտաբար, ճիշտ այդ հայկական ոգին է, որ օր ըստ օրէ կը տժգունի, կը դալկանայ և կը խամրի ի վերջոյ:

1920-ական  թուականներուն  վերջաւորութեան էր, երբ ֆրանսահայ ծանօթ գրող Շահան Շահնուրը  լոյս աշխարհ կը հանէր իր նշանաւոր «Նահանջը առանց երգի»  հատորը, ահազանգ հնչեցնելով, որ սփիւռքահայութիւնը դէպի այլասերում կ'երթայ ... Այսօր, ահաւասիկ 90 տարիներ ետք, սփիւռքահայութիւնը կը նահանջէ բանիւ և գործով, երգ ու պարով, դաւուլ-զուռնայով ... Այստեղ, կրնայ ըսուիլ, որ եթէ սփիւռքահայութիւնը 90 տարիէ ի վեր կը գոյատեւէ, այսօր ալ կը շարունակէ գոյատեւել, հետեւաբար, մեր հնչեցուցած ահազանգը, պարզապէս յոռետեսութիւն է ... Սակայն, այն ժամանակներուն, տակաւին  կենդանի էին  իրենց  հայրենի հողէն կտրուած և սփիւռք նետուած  հայութեան  բեկորները, որոնց մէջ  հայկական  ոգին  արթուն էր, զոր  իրենց հետ բերած էին իրենց հայրենիքէն: Սակայն այսօրսփիւռքահայ  սերունդները կտրուած են հայրենի հողէն, իրենց ոտքին տակ, որպէս  հայրենի հողինչպէս  որ  Սրբազան Հայրը ըսաւ, մնացած են մեր մշակոյթը, մեր մայրենի լեզունմեր գիրն ու գրականութիւնը, որոնք հսկայաքայլ կը նահանջենև  սփիւռքահայուն  ոտքին տակէն կը սահին, այն բոլորը՝  ինչ որ  սփիւռքի մէջ, որպէս հայրենի հող, իր ոտքին տակ ունի ան:

Մեր մայրենի լեզուին չափսփիւռքահայուն գոյատեւման  գլխաւոր ազդակներէն մին է նաև  Հայաստանեայց Եկեղեցին՝ մեր Մայր Եկեղեցին, որ  սփիւռքի մէջ, մեր ոտքին տակմեր հայրենի հողէն փրցուած  կտոր մը հող է, զոր օտար ազդեցութիւններ, աղանդներու կերպարանքովկը ջանան կտրել  մեր ոտքը՝  անոր վրայէն: Մեր Հայաստանեայց  Եկեղեցին ոչ միայն  մեր հաւատքի Խորանն է, այլև առաւելաբարհայրենի հող է, զոր  աղանդները կը կացնահարեն՝ իր  հիմերէն  քանդելու  համար զայնՀայաստանեայց Եկեղեցին, երկու հազար  տարիներէ ի վեր, հայուն փրկութեան լաստը հանդիսացած էմանաւանդ այն ժամանակներէն, երբ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է իր Ազգային Պետականութիւնը:

Օտարամուտ այս աղանդներըդիւրաւ կուլ տրուող խայծեր կը ներկայացնեն, ոչ միայն  սփիւռքահայութեանայլեւ այսօր՝ Մայր Հայրենիքին մէջուր ստեղծուած ազատ պայմաններէն քաջալերուածանոնք առաջ կը տանին իրենց  քանդիչ  գործը: Սակայն, Սիտնիի  մէջ, ուր  օտարանալու, այլասերելուուծանալու պատեհութիւնները բազմաթիւ ենայնպէս որ աղանդներուն  խաղացած բացասական դերըառաւել եւս  մտահոգիչ է, որովհետեւսփիւռքահայութիւնը, կտրուելով  Մայր  Եկեղեցիին հովանիէնկը յանձնուի ձուլման անյագ  երախին:

Հայրենի  անուանի  գեղանկարիչ  Յակոբ Յակոբեանըսփիւռքահայութեան  գոյատեւման  որպէս  սահման,  50 տարի կը նկատէրԱյս կարծիքը  յոռետեսութի՞ն է թէ լաւատեսութիւնչեմ գիտերԳուցէ  իրատեսութի՞ւն  էՈրովհետեւսփիւռքահայութիւնը  թաւալգլոր  անկումով , կը  դիմէ  դէպի կործանման  անդունդը, ուր  կ'առաջնորդեն  սունկի  նման  բուսած  աղանդները՝  իրենց  բազմազան  տարբերակներովՀայաստանեայց  Եկեղեցւոյ  հոգեպարար  երգեցողութիւնները  լքածհայանուն մարդիկ  կ'երթան  ունկնդրելու անոնց խժալուր  աղմուկըառանց  անդրադառնալու  իրենց  սպառնացող  վտանգին տարողութեան:

Հայաստանեայց  Եկեղեցին  ազգային  է իր  բնոյթով  և  իր խորքով: Ան  ոչ  մէկ  այլ  եկեղեցիի  կը  նմանիորովհետեւ, սփիւռքի  մէջ, ան հայապահպանման սրբազան  առաքելութիւնը ունի, զոր  առաջ կը տանի  ամենայն  ջանասիրութեամբՍակայներբ  հայ  մարդիկ ինքնակամ  կ'իյնան  օտարին  ծուղակին  մէջ, Հայաստանեայց Եկեղեցին  փրկութեան  միակ  լաստն էոր  կրնայ  զանոնք  փրկել  ստոյգ  այլասերումէուր  կ'առաջնորդեն  այդ  օտարամուտ  աղանդները:

Չեմ  գիտեր  ինչ  պարագաներու տակթուրքերը  հօրս  դաստակին  վրայմահմետական  խորհրդանշան  մը  դաջած էին: Հայրս, երբ Եգիպտոս կու գայժանտաջուրով  կ'այրէ  իր  դաստակը, սրբելու համար  այդ  խորթ ու  ատելի  խորհրդանշանըՊապենական հաւատքի  այդ ինչ  խոր  զգացում էր, որ  հօրս  մղած էր  այդ սխրագործութեանՄինչդեռ այսօրհայ  մարդիկ  ինքնակամ զոհ կ'երթան  օտարամուտ այդ  աղանդներուն  սադրանքներունուրանալով  մեր  պապերուն կողմէ՝ իրենց  ժառանգ  թողուած հաւատքը:

Յօ՞ երթաս, հայ  ժողովուրդանտէր ու անտիրական  թողած  քու ազգային  սրբութիւններդորոնք  քեզի հասած  են  քու  նախորդ  սերունդներէդորպէսզի  դուն ալ  քու կարգիդ, զանոնք ժառանգ թողուս  քու յաջորդներուդև  ոչ  թէ  դասալիք  ըլլաս՝ մերժելով  անսալ  քու  պապերուդ  արեան  կանչին, փոխանակ  արթուն պահակը  ըլլալու  քեզի  ժառանգ հասած  սրբութիւններուն:

Կը մաղթեմոր  Շահան Շահնուրի  հնչեցուցած ահազանգը յոռետեսութիւն  ըլլայ ... Կը մաղթեմ, որ  Յակոբ  Յակոբեանի  այդ միտքըյոռետեսութիւն ըլլայ  ...  Կը մաղթեմոր իմ  այս մտորումներս բխած ըլլան  յոռետեսութենէ ... Կը մաղթեմ ... 

 

 

 Աւետիս Հաճեան