image

Ըստ Վարչապետին Սահմանադրական Դատարանի ճգնաժամը լուծուած է

Ըստ Վարչապետին Սահմանադրական Դատարանի ճգնաժամը լուծուած է

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով՝ Սահմանադրական դատարանի մէջ առկայ ճգնաժամը լուծուած է: Այս մասին ան յայտարարած է խորհրդարանէն ներս ընթացող հարցուպատասխանի ժամանակ: Նիկոլ Փաշինեանի գնահատմամբ, սակայն, այդ չի նշանակեր, որ ձեւաւորուած է իտէալական Սահմանադրական դատարան:

«Կառավարութիւնը թեկնածուի ընտրութեան որոշումը կայացուցած է իր լիազօրութիւններու շրջագիծէն ներս, քննարկումներ իրականացուցած ենք եւ որոշած ենք, որ պէտք է առաջադրենք այդ թեկնածուն, ընդ որում` երկրորդ թեկնածուն՝ խորհրդարանական խմբակցութեան դիրքորոշումները հաշուի առնելով»,- ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետի խօսքերով՝ ՍԴ դատաւորներու ընտրութեան գործընթացին մէջ կային նաեւ մարդիկ ու շրջանակներ, որոնք կ'ուզէին խօսիլ յեղափոխութեան արժէքներու մասին:

«Տպաւորութիւն էր, որ յեղափոխութիւնը կառավարած քաղաքական խումբը ընդհանրապէս գաղափար չունի յեղափոխութեան արժէքներէն եւ մարդիկ, որոնք յեղափոխութեան մասին իմացած են 8 մայիսէն մէկ շաբաթ ետք, իրենք դարձած են յեղափոխութեան արժէքներու ջերմեռանդ պաշտպաններ: Ես կ'ուզեմ ըսել, որ այդպէս չէ: Ամէն իրավիճակի մէջ կան խումբեր, ուժեր, որոնք կ'ուզեն իրենց օրակարգը, իրենց շահերը, իրենց թեկնածուները, իրենց կամակատարները հանրութեան անունով որոշակի տեղեր տեղաւորել»,- նկատած է Փաշինեանը: