image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Լեւոն Զաքի Ետալեանի, Հալէպի «Նոր Գիւղ»ը կանգնած է վերանալու վտանգին առջեւ

Ըստ Լեւոն Զաքի Ետալեանի, Հալէպի «Նոր Գիւղ»ը կանգնած է  վերանալու վտանգին առջեւ

Հայ-սուրիական գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան  իր մտահոգութիւնը յայտնած է Հալէպի հայաբնակ  «Նոր Գիւղ» (Միտան) թաղամասի վիճակուած կացութեան վերաբերեալ:  Անոր  կարծիքով ««Նոր Գիւղ»ը,  որ  մօտիկ անցեալին   բնակեցուած էր մեծամասնութեամբ հայերով, այսօր Հալէպի քարտէզէն վերանալու լուրջ սպառնալիքի առաջ կը գտնուի»: Ինչպէս կը նշէ հայ գործարարը, վտանգի պատճառը մշտանորոգ ռմբակոծումներն են, որոնց  կ'ենթարկուի թաղամասը զինեալ խմբաւորումներու կողմէ: Ըստ սուրիահայ գործիչին,  զինեալները  նպատակ ունին  արտաքսել մինչեւ այս  պահը  թաղամասին  մէջ եղող  ընտանիքները, «անցեալ ուրբաթ օրուան պատահարը անոր օրինակն է»,-ըսած է ան:

Լեւոն Զաքի  Ետալեան  նաեւ բացատրած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան հաշուետու՝ զինեալ թուրքմէնական խումբերու իշխանութեան տակ գտնուող Պոսթան Փաշա թաղամասէն արձակուած հրթիռները չէին դադրած տեղալէ ամբողջ գիշերը: Այս ռմբակոծումներու հետեւանքով թաղամասի բնակիչներու կեանքը, որոնք նկուղները ապաստանած են, վերածածուած է անտանելի դժոխքի, եւ ստիպած, որ անոնք խումբ-խումբ փախուստի դիմեն՝ տեղացող հրասանդերու եւ հրթիռներու   քանակին աւելացման  զուգահեռ:

Զաքի նաեւ աւելցուցած է, որ 27 փետրուարին ստորագրուած հրադադարի պայմանագիրը բաւարար կերպով չէ յարգուած Հալէպի մէջ, մասնաւորապէս Միտան թաղամասի նկատմամբ, ուր շարունակուող հրթիռաձակումներու հետեւանքով արձանագրուած են տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ, եւ  հոն մնացած են շատ քիչ թիւով  հայ ընտանիքներ, Հալէպի այլ թաղամասերէն Միտան ապաստանած սուրիացի ընտանիքներու կողքին:

Զաքի նաեւ փոխանցած է, որ բախման կէտի մօտ գտնուող շէնքերու վերի յարկերը ամբողջվին քանդուած են, թաղամասի դիմագիծը ամբողջութեամբ աղաւաղուած է վերածուելով մշտական պատերազմի դաշտի: Ան անդրադարձած է, որ համեմատաբար հեռու գտնուող փողոցները տակաւին կը շարունակեն իրենց բնականոն կեանքը, սակայն այնտեղ եւս իշխողը կը մնայ  տնտեսական  տագնապն ու առօրեայ բնական  պահանջքները  հոգալու խնդիրը:

Զաքի նաեւ աւելցուց, որ հայ սուրիացիները դժբախտաբար կորսնցուցին իրենց ունեցուածքները ամենակարեւոր թաղամասին մէջ, որ ճգնաժամի առաջին շրջանին դարձած էր ամէն տեսակի սպասարկութիւններու կեդրոն, յատկապէս ինքնաշարժի վերանորոգման եւ արտադրամասերու ապահովման գծով, եւ այսօր ամենամեծ մտավախութիւնը այդ թաղամասին գետնին հաւասարիլն է: Ինչպէս կը նկատուի, հնարաւոր չէ այլեւս նորգել հոն գտնուող  շէնքերուն, խանութներուն եւ հանրային վայրերուն եղած վնասները, բացի ամբողջովին քանդելէ ետք, եւ որ շատ մեծ գումարներու կը կարօտի, այն ալ կարելի կըլլայ միայն պատերազմի աւարտէն ետք:

Զաքի իր խօսքը եզրափակելով ըսած է.«Իսկ այսօր օրական դրութեամբ կը շարունակուին հաղորդուիլ շտապ լուրեր՝ նոր հրթիռարձակումներու եւ նոր տեղահանութիւններու մասին, յատկապէս գիշերուան ուշ ժամերուն, եւ իւրաքաչիւր գիշեր իր նախորդէն ոչինչով կը տարբերի՝ բացի նահատակներու եւ վիրաւորներու թիւէն, որ առաջ բերաւ մարմնապէս եւ հոգեպէս անդամալոյծ նոր սերունդ մը, ամբողջ վիրաւոր եւ նահատակ  Հալէպի տարածքին»: