Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ ԱՄՆ տիրապետութեան տակ գտնուող սուրիական Թանաֆ շրջանին մէջ տարօրինակ բաներ կը կատարուին:
Յորդանանի Արտաքին գործոց Նախարար Այման Ալ Սաֆատիի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, Լաւրով նշած է, որ Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ տեղի կ'ունենան ահաբեկչական միաւորներու զինավարժութիւններ, կը գրէ «Russia Today» լրատուական ցանցը:
Լաւրով դարձեալ շեշտած է հակամարտութեան խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը, նշելով, որ այն պէտք է զուգորդուի ահաբեկչական խմբաւորումներու վերացումով:
Իր հերթին յորդանանցի նախարարը վստահօրէն յայտարարած է, որ Յորդանանի միջոցով դէպի Սուրիա բացառապէս մուտք կը գործեն մարդասիրական օգնութիւններ տեղափոխողները, միաժամանակ շեշտելով, որ Յորդանան կողմ է Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման ու երկրի ազատագրման: