image

Ըստ Ամերիկեան Դատարանի Մը Իրան Եւ «Ալ Քահիտա» համագործակցած են

Ըստ Ամերիկեան Դատարանի Մը Իրան Եւ «Ալ Քահիտա» համագործակցած են

Ամերիկա- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Ամերիկեան դատական փաստաթուղթեր բացայայտած են, թէ Նիւ Եորքի դաշնային դատարանը, որ 11 Սեպտեմբեր 2011-ի դէպքերուն Իրանի ներգրաւուածութեան համար հրահանգած էր անոր 10,7 միլիար տոլար տուգանել, իր որոշումին մէջ հիմք ընդունած էր ականատեսներու վկայութիւններ, որոնք երեւելի կը դարձնէին Իրանի եւ «Ալ-քահիտա»ի միջեւ եղած սերտ յարաբերութիւնները, յարձակումներէն առաջ եւ՝ ետք:

Փաստաթուղթերը նաեւ ցոյց կու տան, որ ռազմական դատախազները հարցաքննելով ԱՄՆ-ի մօտ ձերբակալեալները, տեղեկութիւններ ձեռքբերած էին այս յարաբերութեան մասին, եւ պարզած՝ որ «Ալ-քահիտա»ի հետ կապերը կը վարուէր «Իրանի Գաղտնի Սպասարկութեան նախարարութեան եւ Ազգային Անվտանգութեան մարմիններու» կողմէ, եւ՝ թէ 90-ականաններու կէսերուն «իրանի բոլոր գաղտնի սպսասրկողները կապի մէջ եղած էին «Ալ-Քահիտա»ի հետ»:

Փաստաթուղթերուն մէջ անդրադռնալով նաեւ Իտալիոյ մէջ 2011-ին որպէս «Ալ-քահիտա»ի անդամ ձերբակալուած թունէսցի Թարէք Ալ-Շարապիի դատին, կ'ըսուի, թէ երբ դէպի «Ալ-Քահիտա» ճամբորդութիւնը դիւրացնող լիազօր անձ մը Ալ-Շարապիին ըսած էր, որ Իրանի միջոցաւ անցնող «առնէտներու գիծը» օգտագործէ, վերջինս մտահոգուած էր, սակայն այդ մարդը զինք հանգստացնելով ըսած էր, որ «Ալ-Քահիտա»ն կը համագործակցի Իրանի հետ եւ ան Իրանի մէջ ալ կազմակերպութիւն մը ունի, որ «պատասխանատու է կռուողներու սահմանը անցնելու գործը ապահովելու»: