image

Յայտնի են Հալէպի 7 հայ թեկնածուներուն անունները.

Յայտնի են Հալէպի 7 հայ թեկնածուներուն անունները.

Հրապարակուած  են    Սուրիոյ մէջ  տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հալէպէն իրենց թեկնածուութիւնը դրած 7 հայ թեկնածուներուն  անունները: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ թեկնածուներուն  անուանացանկը կազմուած է Հալէպի հայկական աւանդական կուսակցութիւններու համաձայնութեամբ:  Կը հաղորդուի  նաեւ, որ թեկնածուները այցելութիւն տուած  են  Հալէպի  Ազգային Առաջնորդարան, ուր  հանդիպած եւ օրհնութիւնը ստացած են    Բերիոյ Թեմի Բարեջան  Առաջնորդ Տ.   Շահան Արք. Սարգիսեանին:

Նշենք,  որ    Սուրիոյ  յառաջիկայ  ընտրութիւնները նախատեսուած են  յառաջիկայ  13 ապրիլ  2016 -ին:

Ստորեւ  կը ներկայացնենք       7 թեկնածուներուն  անունները

 

Տիար Ժիրայր Ռէիսեան

Տիար Ռաֆֆի Աւետիսեան

Մեթր Մարիա Գաբրիէլեան

Տիար Ծերուն Գահուէճեան

Տիար Յարութ Էօրտէկեան

Տիար Շահէ Մինասեան

Մեթր Կարապետ Շուշանեան