Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը , ուր մանրամասնօրէն ցոյց կը տրուի այսօր առաւօտ Երեւանի Նորք Մարաշի շրջանին մէջ եղած խուզարկումներն ու ձերբակալութիւնները: «Արեւելք» Նախօրօք Shamshyan.com կայքէն վերցնելով իր տեղեկութիւնները գրած էր գաղտնազերծուած յանցախումբին մասին, որուն անդամները կը պատարստուէին կազմակերպուած յանցագործութիւններ կատարել Երեւանի տարբեր վայրերուն մէջ: Շրջանառութեան մէջ է Երեւանի նախկին բնակիչ Արթուր Վարդանեանի անունը, որպէս գլխաւոր մեղադրեալ այս յանցախումբի ստեղծման առընթեր: ՀՀ ԱԱԾ-ն Յաջողած է դէպքի վայրին մէջ առգրաւել մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք: Նախաքննութիւնները կը շարունակուին: