Լիբանանեան բանակի ութ զինուորներ իսրայէլեան թունաւոր կազերու թիրախ դարձած են։Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Ախպար» օրաթերթը։ Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ լիբանանեան բանակի զինուորներ մինչ կը փորձէին աԼ նաքուր սահմանային շրջանին մէջ տեղադրուած իսրայէլեան լրտեսող սարքի մը վրայ ծածկոց դնել յանկարծ ուշաթափուեցան եւ տեղափոխուեցան հիւանդանոց։
Զինուորներու վիճակին մասին մինչեւ այս պահը յստակ տեղեկութիւն չէ հրապարակուած, սակայն յայտնի է, որ բանակի զինուորները ծանրօրէն թունաւորուած են։
Թերթը, որ դէպքին մասին տեղեկութիւն ներկայացնող առաջին աղբիւրն է նաեւ գրած է, որ եղածը «աննախընթաց եւ խիստ վտանգաւոր է»։