image
Հրատապ լուրեր:

Ուսանելի դեգերումներ Լեւոն Շառոյեանի հետ. Աւետիս Փոշողլեան

Ուսանելի  դեգերումներ  Լեւոն Շառոյեանի   հետ. Աւետիս Փոշողլեան

Հակառակ ընթերցասիրութեան համատարած նահանջին, վերջերս նորատիպ գիրքերու տարափ մը խճողեց գրադարանիս արդէն յորդուն դարակները: Ողջունելի՜ երեւոյթ: Բոլորն ալ հետաքրքրական, բայց աւելի` մխիթարական, որովհետեւ տակաւին կը բանին հայատառ մամլիչները` գիրքեր արտադրելու, ընթերցողներու ծառայելու եւ մեր գրադարանները հարստացնելու:

Այդ գիրքերէն մէկը առանձնացուցի յատուկ հոգածութեամբ, որովհետեւ ապրեցայ հոգեսփոփիչ պահ մը, քանզի ան կու գար նախկին «երազային», բայց այժմ մոխիրի եւ արեան քաղաքի վերածուած Հալէպէն: Այո՛, Հալէպի մէջ դեռեւս կը շնչէ հայ կեանքը` նաե՛ւ գիրքերով ու գրողներով:

Հեղինակը` Լեւոն Շառոյեան. գիրքը վերնագրուած է «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզրին»։ 319 էջերէ բաղկացած հատորը վերջինն է

Բերիոյ Հայոց Թեմին հովանաւորութիւնը վայելող «Այգ» մատենաշարին (թիւ 20, 2016): 2005-էն գործող մատենաշարը, թեմին բարեջան առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հրամանաւ լոյսին կը բերէ գրական, գեղարուեստական եւ պատմաբանասիրական գործեր: Նոր հատորը հրատարակուած է ի յիշատակ Ծաղիկ Ճիէրճեանի, Հալէպի Ոսկետառ տպարան-հրատարակչատունէն:

Լեւոն Շառոյեան անծանօթ անուն մը չէ հայ մամուլի ոլորտին մէջ: 90-ականներուն ան եռանդուն աշխատակիցներէն էր Արփիկ Միսաքեանի խմբագրած «Յառաջ» օրաթերթին (Փարիզ). կը ստորագրէր «Արմենիա» (Պուէնոս Այրէս) եւ «Մարմարա» օրաթերթերուն մէջ նաեւ: Ընթերցողներու կողմէ փնտռուած եւ սիրուած գրիչ մըն է, նկատի առնելով իր արծարծած հրատապ նիւթերը, պատմողական ոճը, պրպտելու համբերութիւնը, բարեխիղճ մօտեցումները, խնամեալ լեզուն, հաւասարակշռուած ու անաչառ դատողութիւնը. առաւել` սրտցաւ մտաւորականի անկեղծ մտորումները:

Ան յաճախակի ներկայութիւն է Դիմատետրի վրայ ալ, ուր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ մեր մօտիկ անցեալի արժէքները, հայ գրականութիւնն ու կեանքը յուզող հարցեր, մոռցուած դէմքեր ու դէպքեր, յիշատակելի դրուագներ, նշելի ամեակներ ու տարեթիւեր: Անոր դիմատետրի գրառումները կը գտնեն դրական արձագանգներ, կը ստանան խրախուսիչ եւ շնորհակալական խօսքեր:

Գիրքին ներածականները գրած են երկու գերյարգելի հեղինակութիւններ: Առաջինը` Բերիոյ Թեմի գրասէր եւ գիրքի ջատագով առաջնորդը, որ հայրական օրհնութեամբ կը նշէ. «Ու ա՛յս մշակոյթի գանձերը պեղելու շնորհքով օժտուած, հայկական Հալէպի ծնունդ ու Սասունի արմատներէն վերընձիւղուած հոգեզաւակին՝ Լեւոն Շառոյեանի յօդուածներու ժողովածուն է, որ կը յանձնենք եւ կը հրամցնենք մեր ժողովուրդի ընթերցասէրներուն, որպէսզի մեր մոռացկոտ ու կարճ յիշողութեան փոշիները մաքրենք եւ ինքնաճանաչման լուացումի գործողութեամբ վերաշահինք այս անգամ մեզ կերտող մեր մշակոյթը»։ Սոյն ներածականը կը կրէ «Տակաւին Հալէպ Կ՚ապրիմ» վերնագիրը, քաղուած՝ հեղինակին մէկ գրութենէն, որպէս վկայութիւն հալէպահայութեան գոյատեւման:

Երկրորդը` Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի վաստակաբեռն խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի գրիչին կը պատկանի, վերնագրուած` «Լեւոն Շառոյեան միշտ կը զարմացնէ մեզ». ահա անոր եզրակացութիւնը. «Գիտենք որ այս գիրքին մէջ տեղադրուած յօդուածներուն կարեւոր մէկ մասը գրի առնուած է, ինչպէս ըսինք, Հալէպի վրայ տեղացող ռումբերու տարափին տակ։ Կը տարուինք մտածել, որ Շառոյեանի այս հերոսական կեցուածքը կը նշանակէ վրէժ լուծել պատերազմէն ու ռումբերէն, յայտարարել որ գիրն ու գրականութիւնը անմահ են, կը դիմադրեն աշխարհի բոլոր ռումբերուն ու զէնքերուն։ Զէնքերը օր մը պիտի լռեն, բայց Շառոյեաններու գործերը պիտի շարունակեն խօսիլ»։

Գիրքը կը պարփակէ 29 գրութիւններ, ուսումնասիրութիւններ եւ գրախօսականներ, որոնք գրի առնուած են 2010-2016 թուականներուն: Հեղինակը զանոնք կողքի տակ մէկտեղած է հետեւեալ սկզբունքով. «միշտ հաւատացի ու պիտի շարունակեմ հաւատալ ԳՐԱՒՈՐ ԽՕՍՔԻ արժէքին»։

Ահա՛ հատորին մէջ տողանցող դէմքերը.- Յակոբ Մարթայեան (Տիլաչար), Վազգէն Շուշանեան, Կարօ Փօլատեան, Զարեհ Որբունի, Արփիկ Միսաքեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Սիրան Սեզա, Պօղոս Սնապեան, Արմէն Դարեան, Արամ Սահակեան, Մետաքսէ (Պօղոսեան), Ստեփան Զօրեան, Շաւարշ Նարդունի, Փօլ Էլիւառ, Մալխաս, Զահրատ, Տիգրան Փէշտիմալճեան, Սերվիչէն, Ալիս Գույումճեան, Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեան, Գրիգորիս եպիսկ. Պալաքեան եւ ուրիշներ: Ընթերցողներ անհրաժեշտ գիտելիքներ կրնան քաղել անկասկած, որովհետեւ հեղինակը լաւագիտակ է շատ մը մանրամասնութեանց:

Կան մտորումներով եւ խորհրդածութիւններով համեմուած գրութիւններ եւս` կապուած նահանջող հայագաղութներու, սուրիահայութեան, հայ դպրոցին ու մշակոյթին:

Ըստ իս, արժէքաւոր են Հալէպի հայկական թերթերուն, Ատրպատականի թեմին (Արտազ), հայկական բժշկագիտական մամուլին, Մարսիլիոյ հայագաղութին, գրագէտ ու խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեանին, Սուլթան Համիտի անձնական գանձերու հայ վերակացուներուն նուիրուած ուսումնասիրութիւնները: Ինչու չէ՝ լայն եւ ուսումնասիրելի ասպարէզներ կը բանան հայրենակցական միութիւններուն նուիրուած կարճառօտ, բայց խորիմաստ ակնարկները:

Սրտխօսիկ է հեղինակին ապրած առօրեան Հալէպի դժխեմ պայմաններուն մէջ. «Կրնա՞մ ամէն օր յիշեցնել՝ թէ կ՚ապրինք մահուան շուքին ներքեւ…։ Կրնա՞մ բացատրութիւններ տալ ձեզի, թէ ինչպիսի արտասովոր պայմաններու մէջ գրի կ՚առնեմ իմ յօդուածները, կէս գիշերէն ժամեր անց անկողնէն ցատկելով ու համակարգիչին առջեւ նստելով՝ օգտուելու համար ելեկտրական հոսանքին “կէս-գիշերային” անակնկալ այցելութենէն…։ Կրնա՞մ ամէն օր պատմել Հալէպի մեր հայ (եւ արաբ) արհեստաւորներուն տառապանքը, քանի անոնք աւելի քան ԵՐԵՔ ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ փակած են իրենց գործատեղիները եւ ապրուստի միջոցներէ զրկուած…։ Կրնա՞մ…, կրնա՞մ…, կրնա՞մ…։ Երեւութապէս կը փորձենք ցոյց տալ, թէ «տոկուն» ենք տակաւին, բնականոն կեանքի մը նախադրեալները ունի՛նք դեռ, մինչ իրականութիւնն այն է՝ որ ԱՆԲՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ մը քաշկռտելու դատապարտուած ենք՝ անհատաբար թէ հաւաքաբար…։ Այո՛, ո՞վ պիտի գրէ սուրիահայութեան վէպը» (էջ 221):

Տարակարծիք ենք հետեւեալ միտքին. «Է՜հ, անցեալին ինչ աղուոր գիւղեր ունեցեր ենք։ Հիմա՞։ Մեր գլուխը հանգիստ տեղ մը դնելու յարմար քաղաք մը անգամ չենք գտներ…։ Վկայ՝ Հալէպը…» («Ո՞վ Լսած է Քէսիրիկի Մասին», էջ 309):

Նորութիւն ըսած չենք ըլլար եթէ պնդենք, թէ Հայուն միակ յարմար քաղաքը` գլուխը հանգիստ դնելու, Երեւա՛նն է, կամ Հայաստանի որեւէ մէկ անկիւնը: Հայրենիքէն դուրս միշտ ալ պիտի մնանք անապահով, թափառական կամ... վտանգուած:

 

Նշումներ.- Վազգէն Շուշանեանի երկերուն մէջ «Ներքին բնանկար»-ը պէտք է ըլլայ «Ներքին դաշտանկար». իսկ Վազգէնը, պատանեկան շրջանին (1916)՝ Օննիկ, ո-

րովհետեւ «Վազգէն»-ը Շուշանեան Օննիկին գրական անունն էր:

- Ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ յօդուածներուն տակ նշուէին թէ ո՛ր պարբերականներուն մէջ նախապէս հրատարակուած են անոնք:

- Գրող Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գործին արաբերէնի թարգմանիչին մականունը տեղ մը Սահակեան է, այլ տեղ մը` Քալսահակեան (էջ 94, էջ 229). երկրորդն է ճիշդ:

- Կը գրուի, որ Հալէպ լոյս տեսնող «Գանձասար»-ի խմբագիրը 2014 Յունուարէն Զարմիկ Պօղիկեանն է, բայց գրութեան տակ նշուած է 2013...:

Այս հատորը հեղինակին երրորդ գիրքն է. նախկիններն են` «Յաւերժօրէն սիրելի “մերին Պոլիս”» (2003), «Պուէնոս Այրէս, Արմենիա փողոց» (2014): Տեղին է նշել, որ այս տարի լոյս տեսաւ հեղինակին չորրորդ հատորը եւս` Երեւանի Էտիթ-Պրինտ տպարանէն, գրագէտ եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանի մասին:

Հեղինակին լեզուն առինքնող է, համով-հոտով համեմուած. գրութիւնները հեզընթաց կարդացուող, հեռու՝ մանուածապատ եւ խրթին նախադասութիւններէ: Ունի նիւթը ներկայացնելու եւ ընթերցողը կլանելու ինքնատիպ ոճ` հարուստ եւ գունեղ բառապաշարով:

Ընթերցողը շատ բան կրնայ սորվիլ սոյն հատորէն, որ լի է հարուստ տեղեկութիւններով:

Ուրեմն` այս հատորով կատարեցէք հաճելի եւ ուսանելի դեգերումներ Լեւոն Շառոյեանի հետ:

 

 Աւետիս Փոշողլեան

«Արարատ»/Պէյրութ