image

Ուքրանիան պիտի ղեկավարէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդը

Ուքրանիան պիտի ղեկավարէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդը

Ուքրանիան 1 փետրուար 2017-էն սկսեալ մէկ ամսով պիտի ստանձնէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի ղեկավարութիւնը: ՄԱԿ ԱԽ-ի նախագահի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ կազմակերպութեան մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Վլատիմիր Ելչէնկոն:

Մարտին նախագահութիւնը պիտի անցնի Մեծ Բրիտանիոյ:

Նախօրէին ՄԱԿ ԱԽ-ը իր մտահոգութիւնը յայտնած էր Ուքրանիոյ արեւելքի մէջ իրավիճակի սրման կապակցութեամբ եւ կոչ ըրած էր անյապաղ վերականգնել կրակի դադարեցման ռեժիմը:

2 փետրուարիին ՄԱԿ ԱԽ-ի մէջ պիտի կայանայ բաց նիստ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի հարցով:

Նշենք, որ Ուքրանիան ՄԱԿ ԱԽ-ի 10 ոչ մշտական անդամներէն մէկն է: