Թուրքիա- («Թուտէյզ Զաման»- Պոլիս)- Թրքական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազով եւ ջրցան մեքենաներով յարձակած է ժողովուրդին վրայ, որպէսզի բռնի մուտք գործէ երկրի ամենաշատ վաճառուող թերթի շէնքը: Այս մասին կը գրէ «Թուտէյզ Զաման», նշելով, որ ներխուժման գործը կատարուած է 4 մարտին դատարանին կայացացուցած որոշման լոյսին տակ: Որոշման համաձայն Zaman թերթը, Today’s Zaman պարբերականը եւ Cihan լրատուական գործակալութեան գրասենակներուն մէջ խուզարկումներ պէտք է կատարուին: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս որոշումը օրէնսդրութեան համաձայն պաշտօնական հիմնաւորում չունի: Ոստիկանութեան ներխուժումը արգելափակելու նպատակով անձրեւի տակ կանգնած ժողովուրդը, թրքական դրօշներ բռնած եւ «Ձեռքերդ հեռու իմ թերթէն» գրութեամբ պաստառներ բարձրացուցած է: Մինչ հարիւրաւոր ոստիկաններ ցրելով ժողովուրդը ներխուժած են շէնք, աշխատակիցները պոռացած են «ազատ մամուլը չի կրնար լռել»: «Զաման»ի գլխաւոր խմբագիր Ապտիւլ Համիտ Պիլիճի ըսած է, որ այս տեսարանը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ պիտի յիշուի որպէս սեւ բիծ, յայտնելով, որ ինք չի ճանչնար դատարանի որոշումը: Ընդդիմադիր պատգամաւորներ, որոնք նոյնպէս ներկայ եղած են շէնքի առջեւ օրաթերթին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար, թունաւոր կազերով մղուած են: Ոստիկանութիւնը բռնի շէնք մուտք գործելէ ետք, բախումներ ունեցած է պաշտօնեաներուն հետ եւ աշխատակիցներէն պահանջած լքել շէնքը: «Զաման» եւ «Թուտէյզ Զաման» թերթերու սիւնակագիր Շահին Ալփայ միջադէպի վերաբերեալ ըսած է. «Շատ ամօթալի է եւ ցաւալի ՝ յատկապէս իմ սերնդակիցներուն համար, որ Թուրքիան կը վերածուի երրորդ աշխարհի բռնապետութեան»:


