image

Ողբերգական արկած Փարիզի մէջ. Մահացած են մայր եւ որդի Մարլէն եւ Արամ Թուֆանեանները

Ողբերգական  արկած  Փարիզի  մէջ. Մահացած են  մայր  եւ որդի  Մարլէն եւ  Արամ   Թուֆանեանները

Օրեր  առաջ   ողբերգական    արկած մը գրանցուած է Փարիզի  մէջ, որուն հետեւանքով ալ  մահացած են   մայր  եւ  որդի   Մարլէն եւ Արամ  Թուֆանեանները։

 Այս մասին  «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ  Փարիզի   իր  աղբիւրէն։

Կը նշուի, որ   ամառնային  արձակուրդի  համար    քաղաքէն   դուրս  ելած   Թուֆանեանները  (ինքնաշարժը կը վարէր  ընտանիքի  հայր   Հայկ   Թուֆանեանը)       մայրուղիի մը վրայ    գտնուած  պահերնուն   հանդիպած են   հակառակ ուղութիւնէն իրենց   մայրուղիի   գիծ   մտած  ինքնաշարժի մը։   Ինքնաշարժի բախման  հետեւանքով    Արամ  Թուֆանեան  տեղւոյն  վրայ մահացած է, իսկ անոր  մայրը ՝ Մարլէն փոխադրուած  է հիւանդանոց, ուր  մահ ու կենաց   պայքար մղելէ  ետք   աւանդած է իր հոգին։  Ընտանիքի հայրը, որ    ստացած է       որոշ  վէրքեր, նոյնպէս  փոխադրուած է հիւանդանոց եւ անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։

 Կան  տեղեկութիւններ, որ դիմացէն  եկած ինքնաշարժի  ղեկին եղած է կին մը, որ   խոյս տուած է դէպքի  վայրէն։

Կը  նշուի  նաեւ, որ արկածը եղած է Փարիզի  Օքսէր  փողոցին մէջ։

  Փարիզահայ   գաղութը  խոր  սուգի մէջ  է,   Թուֆանեաններու ընտանիքի  կը համարուէր  գաղութային կեանքին մասնակից  դարձող    եւ  հայկական  արժէքները   դաւանող պարտաճանաչ  ընտանիք  մը։