Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր ժամանած է Փարիզ։ Ան այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ ֆրանսացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու, որոնց շարքին՝ երկրի նախագահ էմանուէլ Մաքրոնին հետ
Հարիրիի այս այցելութեան գլխաւոր նպատակն է նոր թափ տալ Լիբանանի համար նախատեսուած «Սետըր» համաժողովի կազմակերպման, մանաւանդ որ Լիբանանը յայտնուած է տնտեսական բաւական բարդ դրութեան մը մէջ ու վերջին շրջանին կառավարութեան կողմէ նախաձեռնուած բարեփոխումները կը միտին վստահութեան նշաններ ուղղարկել միջազգային հանրութեան եւ վերահաստատել Լիբանանի կառավարութեան բարեփոխումներ իրականացնելու աւելի վաղ տրուած խոստումները։
Ի դէպ առաջին անգամը չէ, որ Հարիրի դուրս գալու համար բարդ դրութենէն կը փորձէ Ֆրանսացիներուն մօտ «յոյս մը գտնել» մանաւանդ, որ Հարիրի ընտանիքին ու Ֆրանսայի պետական մարմիններուն միջեւ առկայ բարեկամական կապերը ունին պատմական խորք ու նաեւ կը զուգակցուին լիբանանցիներու կարեւոր մէկ տոկոսին Ֆրանսիան բարեկամ երկիր եւ նոյնիսկ «խնամատար մայր» համարելուն հետ։
Նոյն Հարիրին, երբ քաղաքական բաւական բարդ վիճակի մէջ էր ու նաեւ սուր տարակարծութիւններ ունէր հոգեւոր հայր համարուող սէուտցի թագաւորի որդիին եւ գահաժառանգ ՝ Մոհամմատ իշխանին հետ յաջողեցաւ այդ տագնապէն դուրս գալ՝ ապավինելով Փարիզին։
Այդ ճիգին մէջ անշուշտ կարեւոր դեր կատարեց Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի փեսան ՝ երկրի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն Փարիզի հետ դրական կապեր ունենալու փաստը ակնյայտ է շատերուն համար։
Խնդիրն այն է, որ շատեր Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական դրութեան կտրուկ վատթարացումը կը վերագրեն Ամերիկայի կողմէ գործադրուող բաւական ծանր ճնշումներուն, որ կը կատարուին՝ նպատակ ունենալով նեղի մատնել «Հըզպալլա»ն ու նաեւ լայն առումով գոհացում պատճառել Իսրայէլին։
Այս բոլորէն անդին, յստակ է նաեւ, որ պաշտօնական Փարիզ վերջին շրջանին կը փորձէ ստանձնել Իրանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ապահովող «ինքնակոչ» դեր մը, որ բնականաբար «մարսելի» պիտի չըլլայ Միացեալ Նահանգներու այսօրուան վարչախումբին համար: Ու նախագահ Մաքրոնի համար Լիբանանին ու իր լիբանանցի դաշնակիցներուն օգնութեան հասնելու այս փորձը պէտք է անպայման տեղադրել ֆրանսիայի արտաքին ու յատկապէս Միջին Արեւելեան քաղաքականութիւնը աշխուժացնելու միտուած էլիզէյի փորձերու շրջանակին մէջ։
Կը մնայ կարեւոր հարցադրումը. արդեօք Մաքրոն, որուն ղեկավարած երկիրը նոյնպէս կը դիմագրաւէ տնտեսական բազում խնդիրներ, պիտի կարողանա՞յ օգտակար դառնալ Լիբանանին յատկապէս, որ Պէյրութին դրամական եւ տնտեսական նեցուկ կանգնելու գործին մէջ կարեւոր դեր պիտի տրուի նաեւ Սէուտական Արաբիոյ։
Մաքրոն կը փորձէ նոր խաղ մը ստեղծել, որուն մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան իրար դէմ բաւական լարուած, բայց եւ այնպէս ռազմական գործողութիւններէ ու նոր պատերազմէ խուսափող երկու ոխերիմ երկրները՝ Ռիատն ու Թեհրանը։