ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւեանի շրջապատին մէջ նոյնպէս «Քորոնա» ժահրէն մահեր եղած են։ Այս մասին 30 մայիսին, ֆեյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ յայտնած է նախարարը։
«Վերջին օրերուն իմ ծանօթներուն, ընկերներու ընտանիքներուն մէջ եղած են մահեր, դէպք մը եղած է, երբ երիտասարդ մը եկած է ընկերոջ տուն, գիտնալով որ որոշակի առողջական խնդիրներ ունի եւ, հաւանականութիւն կայ, որ վարակուած է եւ այդ ընտանիքին մէջ ունինք հիւանդացածներ, ունինք մահ։ Սա այսօր մեր իրողութիւնն է»,- նշած է ան։